ՈՂԲԱՑԵԱԼ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԻՆԴԼԵԱՆԻ ՇԻՐՄԻՆ ՎՐԱՅ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՄԸՄ-Ի 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրութեան 100-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին, երէկ, ոգեկոչման յատկանշական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ մեր համայնքին մէջ։ Այսպէս, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ, երէկ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հոգելոյս մանկավարժ Յովհաննէս Հինդլեանի շիրմին վրայ։ Յովհաննէս Հինդլեան արեւմտահայ մտաւորական ժառանգութեան տիրական դէմքերէն մին է, ունի իր դրոշմը մեր կրթական աւանդութիւններուն վրայ եւ ի շարունակութիւն իր ծաւալած բազմակողմանի գործունէութեան՝ ան եղած է ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներէն։

Երէկուան հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարուեցաւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի ձեռամբ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի գլխաւորութեամբ։ ՀՄԸՄ-ի անունով երկու ներկայացուցիչ մասնակցեցաւ ոգեկոչման արարողութեան։ Անոնցմէ մին էր ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Դաւիթ Յակոբեան, իսկ միւսը՝ սկաուտներէն Գեղամ Մանուկեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի «Երկիր մետիա»  հեռուստակայանի տնօրէնն է։ Անոնք յատկապէս այս հոգեհանգստեան պաշտօնին համար կարճ այցելութիւն մը տուին քաղաքս։ Դաւիթ Յակոբեան եւ Գեղամ Մանուկեան ծաղիկներ թողեցին հանգուցեալ Յովհաննէս Հինդլեանի շիրմին, որու առջեւ բիւր յարգանքով բերին իրենց խոնարհումը։ Հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին վառուած մոմերով Գեղամ Մանուկեան վառեց նաեւ յատուկ ջահ մը, որու խորհրդանշական լոյսը պիտի տեղափոխուի Երեւան։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շաբաթ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առթիւ յոբելենական մեծ հաւաք մը։ Այդ միութեան աշխարհատարած մասնաճիւղերէն անդամներ բանակումի մը ձեւաչափով պիտի համախմբուին Հայաստանի մէջ։ Յոբելենական տօնակատարութիւններուն ընթացքին մեծ ջահ մը պիտի վառուի՝ ի նշանաւորումն ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին։ Այդ մեծ ջահը պիտի վառուի ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներու շիրիմներէն տարուած ջահերով։ Արդարեւ, այս կառոյցի հիմնադիրները թաղուած են զանազան քաղաքներու մէջ։ Հետեւաբար, անոնց շիրիմներէն տարուելիք խորհրդանշական լոյսով պիտի վառուի ՀՄԸՄ-ի յոբելենական մեծ ջահը։ Ուրեմն, Դաւիթ Յակոբեանի եւ Գեղամ Մանուկեանի կողմէ Իսթանպուլէն փոխադրուելիք խորհրդանշական լոյսն ալ պիտի օգտագործուի այդ արարողութեան ընթացքին։

Ուրբաթ, Յուլիս 13, 2018