ՇՔԵՂ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

Յուլիսի 14-ի՝ Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ, Պէյօղլու։ Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ եւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովէնի տանտիրութեամբ կազմակերպուեցաւ այս բացօթեայ հաւաքոյթը։ Ֆրանսական պալատի շքեղ պարտէզներուն մէջ նախ նուագուեցան Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի քայլերգները, աւելի վերջ ալ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան աւագ հիւպատոսն ու դեսպանը։

Երէկուան պաշտօնական ընդունելութեան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ դեսպան Էրվէ Մակրոնին եւ աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովէնին շնորհաւորութիւններ յղեց Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ։ Ընդունելութեան հրաւիրուած էր նաեւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղեկցեցաւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Բացի փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներէն, այս ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան բարձրաստիճան դիւանակալներ, քաղաքիս մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, հասարակական գործիչներ, զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն դէմքեր, գործարարներ եւ այլ հիւրեր։

Երեքշաբթի, Յուլիս 13, 2021