ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առթիւ կազմակերպուած էր այս ընդունելութիւնը՝ 14 Յուլիսի ընդառաջ։ Ֆրանսական պալատի, Պէյօղլու, շքեղ պարտէզներուն մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան ժամանակ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ իր գաւազանակիրը՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ Ազգային տօնին կապակցութեամբ շնորհաւորեց եւ բարեմաղթութիւններ յղեց Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյին եւ Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովէնին։ Հարկ է յիշեցնել, որ դեսպան Էրվէ Մակրօ Թուրքիոյ մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելու վրայ է եւ այս կապակցութեամբ մօտաւոր անցեալին հրաժեշտի այցելութիւն մը տուած էր Գումգաբու։
Ընդունելութեան հրաւիրուած էին բազմաթիւ դիւանագէտներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, ակադեմականներ, արուեստագէտներ, գործարարներ, հասարակական գործիչներ, զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր, որոնց շարքին էին նաեւ մեր համայնքէն զանազան դէմքեր։