Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՃԱՇԱՍԵՂԱՆՈՎ ՄԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Իս­թան­պու­լի մօտ Զուի­ցե­րիոյ ա­ւագ հիւ­պա­տոս Մո­նի­քա Շը­մուց Քըր­կէօ­զը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­սակ­ցած է զուի­ցե­րա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տին հետ։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ճա­շա­սե­ղա­նով մը պա­տուած է ա­ւագ հիւ­պա­տո­սը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են կարգ մը կա­րե­ւոր նիւ­թե­րու շուրջ։ Ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չեն հա­ղոր­դուած այդ նիւ­թե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015