ԱՆԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ԴՐՈՒԱՏԻՔ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին ժամանակ Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան հանդէս եկաւ հետեւեալ խօսքով։ Հարկ է նշել, որ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան Պէյրութի մէջ Հայկազեան համալսարանին կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին։ Այս վերջինն ալ, իր հերթին, թերթիս խմբագրութեան կողմէ վերապատուելի Հայտոսթեանին յանձնեց յուշանուէր մը՝ առ ի շնորհակալութիւն Հայկազեան համալսարանի։ Գօչունեան նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կրծքանշանը նուիրեց համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեանին, որ Պէյրութի ձեռնարկի գլխաւոր կազմակերպիչն էր։

*

1908-էն ի վեր ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հաւատարմաբար կը պահէ իր գրեթէ օրական ժամադրութիւնը: 

 Ժամանակները եղած են նուազ կայուն, նուազ վստահելի եւ նուազ բարեխիղճ: 

 Հայկական ժամացոյցը յաճախ ընդհատուած է, իսկ ժամանակը քննողները անդամալուծուած, յանկարծ վերակենդանացած, հեռացած, կամ այս ու այն կողմ թեքուած:

 ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նման օրաթերթերը վկան են այս բոլորին:  Մարդերը անցած են, մնացած են ժամանակներու արձանագրութիւնները:

 Ահաւասիկ կարեւորութիւնը մամուլին: 

 Այսպէս, սիրելի գրասէր հիւրեր, Հայկազեան համալսարանի անունով կ՚ողջունենք հայ մամուլի բոլոր աշխատանքները եւ կը սեղմենք ձեր աջը:  Ձեր աշխատանքները ընդհանրապէս տեսիլքի, կարգապահութեան եւ յաճախ թանկ զոհողութեան պտուղ են: 

 Իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ՝ կը յիշենք նաեւ, որ մեր հաւատքը հիմնուած է յայտարարութեան վրայ, բարի լուրի, աւետարանի տարածումին վրայ: Հիմնականն է խօսքը՝ նա՛խ Աստուծոյ, ետքը մարդոց:  Այս պրիսմակով կը դիտենք նաեւ մամուլի աշխատանքը:

Կը շնորհաւորենք ԺԱՄԱՄԱԿ օրաթերթը, բարձր կը գնահատենք Գօչունեան սերունդներու եւ անոնց աշխատակիցներուն հետեւողական աշխատանքը եւ կը մաղթենք ապագայի նորոգ օրեր եւ հնարաւոր լայն միջոցներ:

 Թերեւս հին օրերուն հայերուս համար Պոլիսը կեդրոն էր, ներկայիս միայն հայկական անկիւն: Սակայն, մամուլը իր բնոյթով ու գործունէութեամբ անկիւնները կեդրոն կը փոխադրէ: Այսպէս է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաքելութիւնը այսօր:

 Պր. Արա Գօչունեան ընդունեցէք մեր համալսարանի այս խորհրդանիշը՝ որպէս շնորհաւորական մաղթանք եւ բարի երթ ձեզի:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018