ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ

Թաքսիմ մարզակումբի ամառնային աւանդական ընթրիքը շաբաթավերջին համախմբեց համայնքային շրջանակները՝ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Գնալը կղզիի լողաւազանի մարզակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու հովանաւորն ու պատուոյ հիւրն էր Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ։ Այս ճաշկերոյթին մթնոլորտը պայմանաւորուեցաւ Թաքսիմի տեսակէտէ կարեւոր ձեռքբերումով մը։ Արդարեւ, երեկոյթի ընթացքին պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ, որ ակումբի՝ Ֆէրիգիւղի Չոպանօղլու փողոցի մարզադաշտի սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ խնդիրները յաղթահարուած են այլեւս։

Ընթրիքի մասնակիցներու շարքին էին՝ Կղզեաց քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչ, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Շիշլիի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ մարզասէր ազգայիններ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Բոլոր մասնակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ ակումբի վարչայիններէն Մկրտիչ Կիւլեզեանի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթ մը ունեցաւ Կարօ Համամճեան, որ նշեց, թէ Թաքսիմ թէեւ հին մարզակումբ մըն է, սակայն տասնամեակներէ ի վեր չէր ունեցած իր մարզադաշտն ու սեփական հաւաքատեղին։ Ան ուրախութեամբ տեղեկացուց, որ Չոպանօղլու փողոցի մարզադաշտը երկար աշխատանքէ մը վերջ 18 տարուան ժամանակաշրջանի մը համար պատկան իշխանութիւններու կողմէ տրամադրուած է Թաքսիմ մարզակումբին։ Երկու տարի վերջ այնտեղ պիտի սկսի շինարարական աշխատանք, առայժմ ակումբը սեփական միջոցներով բարեկարգած է մարզադաշտի գետինը։ Այս առթիւ Կարօ Համամճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց դերակատարութիւնը ունեցած են այս արդիւնքին մէջ։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց նաեւ Մուսթաֆա Սարըկիւլի ջանքերը։

Ձեռնարկի տեւողութեան Սարըկիւլին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։ Այս փուլին ան եւս արտասանեց սրտի խօսք մը, որու ընթացքին կրկնեց իր պատրաստակամութիւնը ակումբին եւ ընդհանրապէս մեր համայնքին միշտ սատար կանգնելու ուղղութեամբ։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ հայերէն երգեր ներկայացուց Մարալ Չաղլըչուպուքճու, որուն նուագակցեցան Արի Հերկել, Սարօ Ուսթա եւ Ռաֆֆի Տէր-Գէորգեան։ Համակրելի մեներգչուհիին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։ Իրմէ վերջ բեմ առին նաեւ երկու յայտնի անուններ՝ Ճոշքուն Սապահ եւ Պետրի Այսելի։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։

Այսպէս, ուշ գիշերին ներկաները հրաժեշտ առին՝ յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթելով Թաքսիմի գործունէութեան համար։

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018