ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՊԵՐՃ ՉԱԼԸՔՄԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ արուեստագէտ, Կեդրոնական վարժարանի նախկին տնօրէններէն Պերճ Չալըքմանի փառաշուք յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Ան թէեւ երէց սերունդի կը պատկանէր, սակայն ընկերային կեանքէ ներս այնքան յարգանք ու սէր կը վայելէր, որ իր կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուց համայնքային շրջանակներէն ներս։ Կեդրոնականի ընտանիքն ալ շարժման անցած էր՝ Պերճ Չալըքմանին արժանավայել ձեւով հրաժեշտ տալու, իր վաստակին առջեւ խոնարհում բերելու համար։ Այսպէսով մեր համայնքը յաւերժութեան ուղեւորեց իր տաղանդաւոր, ստեղծագործ ու բազմավաստակ անդամներէն մին, որու յիշատակը վառ կը մնայ տարեգրութիւններու մէջ։

Լուսաշող տաճարի կեդրոնը զետեղուած էր Պերճ Չալըքմանի դագաղը, որու շուրջ համախմբուած էին հոծ թիւով յուղարկաւորներ, որոնք մատուցին իրենց վերջին յարգանքը իր բարոյական ներկայութեան առջեւ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու շուրջ էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Դագաղին շուրջ կերոնակիր էին՝ Ժան Գալայճը, Պօղոս Չալկըճըօղլու, Մկրտիչ Արծիւեան, Գրիգոր Սահակօղլու, Մինաս Օֆլազ եւ Պերճ Մենկեն։ Հանդիսադիր հայր սուրբը խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը, որու ընթացքին ընդգծեց հանգուցեալին կողմէ ազգային արժէքներուն ու մանաւանդ մեր լեզուին նկատմամբ ցուցաբերուած զգայնութիւնը եւ կեանքի տեւողութեան պատուով յառաջ տարած յանձնառութիւնները։

Յաւարտ արարողութեան Պերճ Չալըքմանի մարմինը փոխադրուեցաւ Էտիրնէգաբուի գերեզմանատունը՝ ամփոփուելու համար ընտանեկան դամբարանին մէջ։ Այս փուլին ալ դամբանախօսեց Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, որ այս պաշտօնին մէջ յաջորդած էր Պերճ Չալըքմանին։

Այս առթիւ անգամ մը եւս մեր խոնարհումը կը բերենք հանգուցեալ Պերճ Չալըքմանի ազնիւ յիշատակին առջեւ ու մեր խորազգաց վշտակցութիւնները կը յայտնենք ընտանիքին, նաեւ Կեդրոնականի ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018