ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի օրհնութիւնով ու ջանքերով՝ այս տարի Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած է աղօթքի եւ ուխտի շաբաթ մը։ Երէկ, այս ծիրէն ներս կղզիի վրայ տեղի ունեցաւ երիտասարդութեան համար մշակութային շրջապտոյտ մը։ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի անդամուհիներէն Նարօտ Ավճըի գլխաւորութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։ Շրջապտոյտի մասնակիցները նախ յետմիջօրէին խաղաղական ժամերգութեան մասնակցեցան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ աւելի վերջ համախմբուեցան պարտէզէն ներս։ Նախքան պտոյտին սկսիլը մասնակիցները իրարու հետ ծանօթացան։ Անոնց միացած էին նաեւ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնէն Տենչա Չընար եւ տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու։

Աւելի քան երկու ժամուայ ընթացքին երիտասարդները շրջայց մը կատարեցին Գնալը կղզիի մէջ։ Հայկական հետքերու հաղորդ դառնալու առընթեր, անոնք վերահասու դարձան նաեւ միւս մշակոյթներու վերաբերեալ հետքերուն, մասնաւորապէս՝ յոյն ուղղափառ եւ մահմետական։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս հետաքրքրական էր անցեալի մէջ կղզիի մէջ գործած Ս. Ներսէսեան վարժարանի վերյիշումը։ Կառոյցներու առընթեր, երիտասարդները տարրական պատկերացում մը կազմեցին գրական, երաժշտական, թատերական ու մարզական ոլորտներէ ներս կարեւոր ներդրում ունեցած՝ կղզիի վրայ բնակած վառ անհատականութիւններու մասին. օրինակ՝ Կոմիտաս Վարդապետ, Սիպիլ, Հրանդ Պարսամեան, Յակոբ Այվազ եւ այլք։

Շրջայցի աւարտին երիտասարդները վերստին համախմբուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց երիտասարդներուն։ Ան բոլորին նուիրեց նաեւ կղզիի Ներսէսեան դպրաց դասու 150-ամեակին համար պատրաստուած յոբելենական յուշամատեանը։

Հուսկ, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան օրհնեց շրջապտոյտի մասնակցած երիտասարդները, մասնաւորապէս գնահատեց Նարօտ Ավճըի կողմէ այս ծրագրին համար ներդրուած եռանդը եւ շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնայ տաղաւարին համար ըրաւ բարեմաղթութիւններ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 13, 2021