«ԱՅԼԵՒՍ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԲԱՑՈՒԱԾ Է»

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն շաբաթավերջի հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Ժողովի մասնակիցները ընդհանուր առմամբ ունին դրական տպաւորութիւններ եւ տոգորուած են լաւատեսութեամբ։ Խորհրդակցութեան մասնակիցներէն ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու ժողովէն վերջ մեզի յայտնեց, որ նախարարը արդէն մանրամասնօրէն տեղեակ էր բոլոր խնդիրներուն՝ մանաւանդ, որ կուսակալութեան մէջ նախօրէին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան մանրամասնութիւններն ալ յանձնուած էին իր նկատառման։ Այս տեսանկիւնէն ալ դրական համարեց տեսակցութիւնը։ «Ընտրական կանոնադրութեան ամենայն հաւանականութեամբ յաւելումներ պիտի կատարուին։ Ամենէն դրական արդիւնքը այն է, որ հայ համայնքը Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանին մէջ, բոլոր ընտրութիւններու պարագային պիտի առաջնորդուի 18 հազար հոգիէ բաղկացեալ ընտրողներու ցուցակով։ Այսինքն, քանի մը հարիւր հոգիէ բաղկացեալ ցուցակներով քուէարկութիւն կատարելու ճամբան փակուած է։ Ամէն մարդ հանգիստ ձեւով պիտի քուէարկէ իր պատկանած ընտրաշրջանին մէջ», ըսաւ Սեւան Սվաճըօղլու եւ աւելցուց, որ նախարար Սոյլու քառասուն տարիէ ի վեր քաղաքական գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ խորաթափանց կը հասկնայ ներառական ընտրութիւններ կազմակերպելու կարեւորութիւնը։ «Այլեւս ճանապարհը բացուեցաւ եւ մեր համայնքին կը մնայ լաւ թեկնածուներով ընտրութեան երթալ», ըսաւ Սեւան Սվաճըօղլու։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՍԱՐԸՊԱՅ

Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայն ալ ժողովի լոյսին տակ մեզի յայտնեց, որ ոչ-իսլամ փոքրաթիւ անդամներով համայնքներուն տեսակէտէ ողջունելի հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որովհետեւ անոնց սպասումները արդարացան, անոնք ստացան իրենց ուզածը։ Ան մեծապէս կարեւորեց, որ 15-է աւելի նուազ թիւով վաքըֆ ունեցող համայնքները Իսթանպուլի ամբողջին մէջ ընտրութիւն պիտի կազմակերպեն։ «Մենք 1200 ընտրող ունինք, միջին հաշուով 770 հոգիով քուէարկութիւն կ՚իրականացնենք։ Եթէ նախարարին հետ որոշուած միջամտութիւնը չըլլար, մենք Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն դուրս ո՛չ թեկնածու պիտի կարենայինք գտնել, ո՛չ ալ ընտրող։ Մինչդեռ, նախարարին հետ ընդունուած ձեւով այս հարցերը պիտի լուծուին։ Եթէ բանաւոր ձեւով եղած պայմանաւորուածութիւններուն համահունչ կատարուին ապագայ գրաւոր կարգադրութիւնները, ապա մեր հարցերը պիտի լուծուին», ըսաւ Պեռնար Սարըպայ։

Բաց աստի, ան դիտել տուաւ, որ Հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը ունի նաեւ այլ խնդիր մը։ Ընտրական կանոնադրութեան մէջ թէեւ բացէ ի բաց նշուած է, որ իւրաքանչիւր փոքրամասնական վաքըֆ կը կառավարուի տուեալ համայնքէն վարիչներու կողմէ, որոնք կ՚ընտրուին նոյնպէս տուեալ համայնքէն։ Բայց եւ այնպէս, հայ կաթողիկէ վարժարաններու մատակարար մարմինները կը կազմեն բացառութիւն, ինչ որ խնդրայարոյց հանգամանք մըն է։ Պեռնար Սարըպայ ընդգծեց, որ Մխիթարեան վարժարանը եւ միւսները միջհամայնքային ընտրութիւններ կը կազմակերպեն զանազան ենթակայական պատճառաբանութիւններով։ «1980-ական թուականներուն ստեղծուած վատ նախընթաց մը մինչեւ այսօր կը շարունակուի։ Զեքիեան Գերապայծառն ալ այս ուղղութեամբ պատկան մարմիններուն դիմում ներկայացուցած է։ Մենք ալ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան դիմած ենք, որպէսզի միջհամայնքային՝ խառն ընտրութիւններով գործի գլուխ չգան այս դպրոցներու վաքըֆները։ Ի վերջոյ անոնք Հայ կաթողիկէ հասարակութեան կը պատկանին եւ համապատասխան ձեւով պէտք է ղեկավարուին։  Հիմա կը սպասենք Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան պատասխանին եւ լիայոյս ենք, որ այս ուղղութեամբ կանոնադրութեան համահունչ դրական արդիւնք մը պիտի ունենանք։ Պարոն նախարարին հետ մեր ունեցած հանդիպման ընթացքին ալ վերահաստատուեցաւ, որ ընտրութիւնները տուեալ փոքրամասնական համայնքին կողմէ պէտք է կազմակերպուին, այլ ոչ թէ վաքըֆի մը անդամակցութեան հիմունքով։ Կանոնադրութեան 8-րդ կէտն ալ այս առումով յստակ է։ Միայն համայնքի մասնակցութեամբ ընտրութիւններով ներառական, համընդգրկուն միջավայր մը կրնայ ապահովուիլ», ըսաւ Պեռնար Սարըպայ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱՂԱՊԱԼՕՂԼՈՒ

Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն ալ ժողովէն վերջ մեզի յայտնեց, որ նախարար Սոյլուի վերաբերմունքը շատ անմիջական ու ջերմ էր։ «Սեղանին շուրջ ան մեզմէ մէկուն նման էր։ Առկայ նեղութիւններու յաղթահարման համար մեծ ջանք գործադրեց։ Յայտնի էր, որ բարւոք լուծում ապահովել կ՚ուզէր։ Մեզի ուշադրութեամբ լսեց, որպէսզի հասարակաց ճանապարհ մը գտնուի։ Կամք դրսեւորեց եւ իր շնորհիւ յոռետեսութիւնը յաղթահարուեցաւ։ Կը կարծեմ՝ փոքրամասնական համայնքները այլեւս փութով աշխատանքի կը ձեռնարկեն ընտրութիւններու համար», ըսաւ Աղապալօղլու եւ աւելցուց, որ ընդհանուր համաձայնութիւնով առնուած բոլոր որոշումներէն վերջ, նախարարը տեսականօրէն բաց դուռ մը թողեց նաեւ բոլորին համար։ «Ան ըսաւ, որ եթէ տակաւին կան մնացեալ հարցեր, ապա կարելի է աղերսագիրով դիմել եւ անպայման անոնք ալ կ՚արժեւորուին։ Թէկուզ յունաց վաքըֆներու պարագային կան որոշ դժուարութիւններ, սակայն, նախարարը միշտ խօսեցաւ լուծումներու վրայ կեդրոնացած ձեւով։ Ան իսկապէս հանգստացուց համայնքները», ըսաւ ան։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԼԱՔԻ ՎԻՆԿԱՍ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկասն ալ, որ խորհրդակցութեան յոյն համայնքին կողմէ մասնակցեցաւ, մեզի հետ բաժնեց իր տպաւորութիւնները։ «Նախարարին հետ բանաւոր ծաւալուն խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այժմ կը սպասուի, որ կա՛մ նոր կարգադրութիւններով կանոնադրութիւն մը հրապարակուի եւ կամ զանազան յօդուածներ աւելցուին ներկայ կանոնադրութեան վրայ։ Առայժմ չենք գիտեր, որ վերջնական ձեւը ինչպէս պիտի ըլլայ, սակայն եթէ նախարարին հետ խօսուածներուն նման ըլլայ, ապա յոյն համայնքին տեսակէտէ դժուար շրջան մը պիտի սկսի։ Իսթանպուլի մէջ մենք 64 վաքըֆ ունիք, իսկ մեր ընտրողներու տարողութիւնը լաւագոյն պարագային կրնայ ըլլալ 2 հազար հոգի։ Յամենայնդէպս, կ՚ուզենք սպասել գրաւոր տնօրինութիւններու արդիւնքին։ Որովհետեւ գիտենք, թէ դիւանակալները կրնան միջամտութիւններ ընել։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշն ալ մօտաւոր անցեալին յայտնած էր, որ իրենց ներկայացուած կանոնադրութեան նախագծին եւ վերջնականօրէն ընդունուած կանոնադրութեան միջեւ տարբերութիւններ կային։ Բայց եւ այնպէս, ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, որ յառաջիկայ կարգադրութիւնները համահունչ պիտի ըլլան նախարարին հետ գոյացած բանաւոր պայմանաւորուածութիւններուն։ Ընելու բան մը չկայ եւ պէտք է ժամ առաջ իրականացնել ընտրութիւնները։ Մենք մեր ունեցած հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ պիտի վարուինք եւ մեր պայքարը պիտի շարունակենք՝ մեր պատմութեան նկատմամբ յարգանքի եւ մեր ապագային նկատմամբ հաւատքի սկզբունքով։ Երիտասարդները այսօր հետաքրքրութիւն չեն ցուցաբերեր այսպիսի պաշտօններու համար։ Սա որոշ չափով հասկնալի է, որովհետեւ ծանր պատասխանատուութեամբ գործերու մասին է խօսքը։ Յամենայնդէպս, մենք կը գիտակցինք մեր հաստատութիւններու արժէքին ու պիտի շարունակենք պայքարիլ անոնց տէր կանգնելու համար՝ միշտ կառչած մնալով ապագայի նկատմամբ հաւատքէ», մեզի յայտնեց Լաքի Վինկաս։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022