ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ 2023-2024 կրթական շրջանը սկսաւ ոգեւոր հանդէսով մը։ Վերամուտի հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որու կողքին էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները։ Շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան նորանշանակ տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր եւ փոխ-տնօրէն Սոնէր Եալչըն։

Պէզճեան սանուց միութեան երէց անդամներէն Արթօ Սէմէրճեանի կողմէ հնչեցուած խորհրդանշական առաջին զանգէն վերջ աշակերտները բռնեցին իրենց դասարաններուն ճանապարհները, ինչ որ ազդարարեց Պէզճեան Մայր վարժարանի դռներուն վերաբացումը՝ արդէն 193-րդ անգամ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2023