ՓՈՒՉԻԿՆԵՐՈՎ ՏՕՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նոր կրթական շրջանի սկիզբը տօնական մթնոլորտի համազօր էր։ 2023-2024-ի տարեմուտը բնորոշուեցաւ նաեւ այլ հանգամանքով մը՝ քանի այլեւս դասաւանդութիւնները դպրոցի համալիրի նորակառոյց բաժնէն ներս տեղի պիտի ունենան։ Հին մասնաշէնքը կ՚ենթարկուի նորոգութեան։
Վերամուտի հանդիսութեան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Նարեկ Սաթարի։ Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ եւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք։ Յաջորդեց փոխ-տնօրէն Եուսուֆ Տեմիրթաշի սրտի խօսքը։
Յայտագրի տեւողութեան հանդէս եկաւ աշակերտներէն Մերլին Ատուրեան։ Բաց աստի, տղաքը ունեցան խմբային ելոյթներ։ Առաջին դասարանի փոքրիկներն ալ առարկայ դարձան բոլորի ջերմ վերաբերմունքին։
Խորհրդանշական առաջին զանգի հնչած մթնոլորտին արձակուեցան գունաւոր փուչիկներ եւ այսպէսով սկսաւ աշխատանքային նոր շրջանը։