ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, 2023-2024 կրթական շրջանի առաջին զանգը հնչեց տօնական տրամադրութեամբ։ Տարեմուտի հանդէսին ելոյթներով հանդէս եկան հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան եւ տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին, ինչպէս նաեւ Արեւ Փեքմելիքեան եւ Լիզա Չոլաքօղլու։ Նախկին շրջանաւարտներ ալ ներկայ էին հանդէսին, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Մասիս Հրանդ Աթասեւի եւ Քրիստին Քարլա Ապրահամօղլուի։ Վերամուտի վերաբերեալ արտասանութիւններով հանդէս եկան՝ Լիլիա Գարէն Քալճեան, Լուքաս Մենշուրօղլու եւ Ատել Սու Տիքիճի։ Այս բոլորէն վերջ, երաժշտութեան ուսուցիչ Արթիւր Պաղտասարեանի մականին ներքեւ տղաքը համաչափութեան աշխատանք մը իրականացուցին բացօթեայ։

Հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեանի կողմէ հնչեցուած խորհրդանշական զանգէն վերջ տղաքը ուղղուեցան իրենց դասարանները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2023