«ՔԱՏԱՆՍ»ՈՎ ՎԱՌ ՕՐԵՐ
Վաղը, «Ֆուլիա» գեղարուեստական կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձին ձօնուած համերգը, որու ընթացքին հանդէս պիտի գայ «Քատանս» նուագախումբը։ Վաղուան համերգը համայնքային շրջանակներէն ներս արդէն դարձած է հետաքրքրութեամբ սպաս-ւած ձեռնարկ մը։ Այս առումով պոլսահայութեան տեսակէտէ կ՚ապրուին «Քատանս»ի օրեր։
Ինչպէս հաղորդած էինք, «Քատանս»ի արուեստագէտները երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Երեւանէն հասան քաղաքս։ Օրուան առաջին կէսին անոնք հանգստացան իրենց պանդոկին մէջ։ Յետմիջօրէին, համերգի կարգադիր յանձնախումբի անդամներէն Արթիւր Պաղտասարեանի ուղեկցութեամբ անոնք Վոսփորի մէջ նաւով շրջագայութիւն մը իրականացուցին, աւելի վերջ ալ ծանօթացան Սիրքեճիի եւ Էմինէօնիւի պատմական շրջանին, Եգիպտական բաց շուկայով հանդերձ։ Երեկոյեան Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան՝ իրենց կողակիցներուն հետ Պէյօղլուի մէջ ընթրիք մը կազմակերպեցին ի պատիւ «Քատանս»ի անդամներուն։ Հիւր երաժիշտները այցելեցին նաեւ Բերայի նշանաւոր «Արա» սրճարանը, ուր աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի ժառանգութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին հաղորդ դարձան։
Այս առաւօտ, նոյնպէս Արթիւր Պաղտասարեանի ուղեկցութեամբ, «Քատանս»ի անդամները այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Հաստատութեան ընդարձակ համալիրէն ներս անոնք կատարեցին շրջայց մը, տեսան եկեղեցին, այցելեցին թանգարանը եւ տարրական պատկերացում մը կազմեցին մեր համայնքին տեսակէտէ առանցքային կառոյցին շուրջ։ «Քատանս»ի անդամները միեւնոյն ժամանակ ծանօթացան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ համերգի գլխաւոր հովանաւորն է։ Շիրինօղլու ջերմօրէն ողջունեց արուեստագէտներու այցելութիւնը եւ համերգի համար յաջողութեան մաղթանքներ յղեց անոնց։
Հիւանդանոցէն հրաժեշտ առնելէ վերջ «Քատանս»ի անդամները այցելեցին նաեւ Պատրիարքարան, ուր Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի ուղեկցութեամբ շրջեցան «Կոլոտ» թանգարանը։ Օրուան տեւողութեան անոնք այցելեցին նաեւ Սուլթանահմէտի շրջանը, մասնաւորապէս Այա Սոֆիան։ Ղալաթիոյ պատմական շրջանին մասին ալ ծանօթութիւն մը կազմեցին հիւր արուեստագէտները։
Յետմիջօրէին «Քատանս»ի անդամները այցելեցին Հայաստանի ներկայացուցչութիւն, ուր իրենց ի պատիւ սարքուեցաւ թէյասեղան մը։
Այսօր երեկոյեան «Քատանս» կը կատարէ փորձ մը համերգասրահին մէջ։