ԳԱՏԸԳԻՒՂՑԻՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գատըգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Հանդիպման մասնակիցներու շարքին էին՝ Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց կազմի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան, Անահիտ Պալեան, Ալին Շէնճան, Առլէթ Կիւնթէր, Ազնիւ Չոպան, Նելլի Սիրունեան, Արտա Ուզուն, Անի Ֆեներճի եւ Զարեհ Ազարեան։ Զրոյցի ընթացքին տեղապահ սրբազան հօր նուիրուեցան Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ վերջին տարիներուն պատրաստուած՝ Գատըգիւղի պատմութեան վերաբերեալ աշխատասիրութիւնները։ Անոնք են՝ «Յուշապատում» գիրքը եւ  հինգ հատորէ բաղկացեալ «Յուշամատեան Գատըգիւղի»ն։ Գատըգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները տեղեկացուցին, որ թաղային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ 27 Հոկտեմբերին նախատեսուած է հնգհատորեակի շնորհանդէսը։

Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ ընդգծեց, որ պատմական Գատըգիւղը իր դարաւոր անցեալով կարեւոր տեղ մը ունի մեր աւանդական համայնքային կեանքէն ներս։ Ան գնահատեց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ կատարուած աշխատանքը եւ ի մասնաւորի ողջունեց այս հնգհատորեակը։ Զրոյցի աւարտին նորին սրբազնութիւնը փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017