ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, շաբաթավերջին, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց յիշատակութիւնը։ Ներկայ եղան նաեւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Աւելի վերջ հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան վախճանեալ վարդապետներ, կրթական մշակներ եւ գրչի սպասաւորներ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2020