ՄԱՀ՝ ՈՎՍԱՆՆԱ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան յարգուած ու համակրելի անդամուհիներէն Ովսաննա Մուրատեան կնքած է իր մահկանացուն։
Իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է իր սիրելիներու շրջանակին մէջ՝ մանաւանդ, որ հանգուցեալը հեզահամբոյր նկարագրով, համեստ ու հաղորդական անձնաւորութիւն մըն էր, իր բնաւորութեամբ բոլորին սիրտը գրաւել կը յաջողէր։ Իր քաղցր ժպիտով ու մարդկային առաքինութիւններով հանդերձ, միեւնոյն ժամանակ, ողբացեալը հայկական արժէքներ ու տոհմիկ ապրումներ մարմնաւորած իսկական կերպար մըն էր։ Գործունէութիւն ծաւալած էր նաեւ պոլսահայ կրթական շրջանակներէն ներս։ Կողակիցն էր հանգուցեալ լրագրող-հրապարակագիր Կարպիս Մուրատեանի։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Ովսաննա Մուրատեանի բարի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր ընտանիքին ու համայն սիրելիներուն։