Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՍԵՄԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։
Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին պիտի նշուի Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան տարեդարձը եւ տեղի պիտի ունենայ դպրոցին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը՝ խնամակալութեան ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել Գումգաբու։ Զրոյցի տեւողութեան խնամակալները տեղեկութիւններ տուին դպրոցէն ներս ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Անոնք հերթական անգամ կանգ առին վարժարանի առաքելութեան առանձնայատուկ երեսակներուն վրայ։
Հանդիպման աւարտին նորին սրբազնութիւնը խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017