ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը։ Հայերէնի արժէքաւոր ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուի եւ դասարանի ուսուցչուհիներու մականին ներքեւ պատրաստուած էր հանդիսութիւնը։ Խմբերգներու վերահսկողութիւնն ալ կատարած էր երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Սուսմաք։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Հելին Քազի եւ Առէն Պիթմէզի։ Վարժարանի բոլոր դասարաններու տղաքը բաժին մը ստանձնած էին յայտագրին մէջ։ Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանի խօսքով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017