ՍԻՊԻԼԻ ՀԵՏ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ

Մեներգչուհի Սիպիլ այս շրջանին դարձեալ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին է։ Կը տեղեկանանք, որ վաղը երեկոյեան ժամերուն ալ հանդէս պիտի գայ «Artı» առցանց հեռուստակայանէն։ Ժամը՝ 20.00-ին պիտի սփռուի իր հետ կատարուած հարցազրոյց մը, զոր վարած է Լեւենտ Իւզիւմճիւ։

Հաղորդման ընթացքին պիտի ցուցադրուի Սիպիլի «Աւրորայի աղօթքը»ի կատարումն ու տեսահոլովակը։ Առաջին անգամ թրքական հեռուստակայանի մը վրայ պիտի ներկայացուի այս գործը։

Պոլսահայութեան գիրկէն ծնունդ առած Սիպիլ շուտով համահայկական գետնի վրայ համատարած համակրանքի արժանացաւ թէ՛ իր կատարողական կարողութիւններով եւ թէ տպաւորիչ ձայնով։ Ի լրումն այդ բոլորին ան միշտ ունեցաւ արուեստագէտի կեցուածք մը՝ զգայնութիւն ցուցաբերելով մարդասիրական կամ ընկերամշակութային բնոյթով ինչ-ինչ հարցերու պարագային։ Հայ իրականութենէն ներս վերջին տարիներուն օրակարգի վրայ եկած գլխաւոր մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը կոչուի «Աւրորա», որմէ ներշնչուած են նաեւ Սիպիլի այս վերջին գործն ու նոյն հիման վրայ պատրաստուած տեսահոլովակը։  

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021