ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ

Մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նախօրեակին Գումգաբուի մէջ ստեղծուած է տօնական մթնոլորտ։ Այսպէս, ըստ աւանդութեան, այս տարի եւս Պատրիարքարանի տօնածառը զարդարուեցաւ, ինչ որ կ՚ազդարարէ տօնական շրջանի սկիզբը։ Պատրիարքարանի տիկնանց կազմի անդամուհիները նախընթաց օր այցելեցին Գումգաբու եւ զարդարեցին տօնածառը, նաեւ Պատրիարքարանի շքամուտքը։

Աշխատութեան աւարտին, տիկնանց կազմի անդամուհիները, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Աթոռոյ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, հաւաքուեցան թէյասեղանի շուրջ։ Ներկայ եղաւ նաեւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։ Այս առթիւ, հայր սուրբը փոխանցեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գնահատանքն ու օրհնութիւնը՝ տիկիններու աւանդական դարձած որդիական մերձեցման համար։ Հայր սուրբը հաճելի զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ համայնքէ ներս ընդհանուր արժէզրկման ու գիտակցութեան նահանջին։ Ան մաղթեց, որ 2019-ը մեր համայնքին համար ըլլայ զարթօնքի տարի մը։ Հուսկ, ան բարի, խաղաղ ու երջանկաբեր տարի մը մաղթեց ներկաներուն։

Տիկնանց կազմի անդամուհիներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին լուսարարապետին եւ Ամանորի սեմին յղեցին առողջութեան մաղթանքներ։ Անոնց փափաքն էր՝ յաջորդ տարի կրկին համա-խըմբուիլ Պատրիարքարանի հովանիին ներքեւ եւ Ամանորը ողջունել տօնածառի զարդարմամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018