ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՐԻՍԽ

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս այս պատմական թաղի հայկական ներկայութեան, հետքերուն շուրջ պատրաստուած յուշամատեանի շնորհանդէսը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Թէեւ համավարակով պայմանաւորուած բոլոր հանգամանքները հաշուի առնելով կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու մասնակիցներուն թիւը ակամայ սահմանափակուած էր, սակայն, թրքահայ մշակութային կեանքին տեսակէտէ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր այս մէկը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց շնորհանդէսին, որուն ներկայ գտնուեցան մեր հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ, ինչպէս նաեւ Պէշիկթաշի ընտանիքէն բազում դէմքեր։ Այս յուշամատեանը, որ ծաւալուն գործ մըն է, հրատարակուած է Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ։ Միջոց մը առաջ ան կոթողային նման աշխատանք մըն ալ հրատարակած էր Գատըգիւղի պատմութեան մասին, իսկ այժմ իր կողմէ կատարուած յիշողութեան վիթխարի ներդրումը շարունակութիւն գտած է Պէշիկթաշով։ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի պատրաստած այս յուշամատեանները, առանց չափազանցութեան, յիշողութեան խարիսխներ կը համարուին, այժմ բարձր կը գնահատուին, սակայն վստահաբար ժամանակներու հոլովոյթին մէջ պիտի բիւրեղանայ այդ պրպտումներուն բուն՝ երկարաժամկէտ արժէքը։ Շնորհանդէսի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանին յանձնուեցաւ՝ Պէշիկթաշի ընտանիքին կողմէ առ ի երախտագիտութիւն պատրաստուած յուշանուէրը։

Շնորհանդէսի յայտագիրը գործադրուեցաւ Մարիամ Տրամէրեանի հանդիսավարութեամբ։ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան ընթերցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան գիրը։ Սրտի խօսք մը արտասանեց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, որմէ վերջ սփռուեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ուղարկուած ուղերձը։ Այդ պահուն ներկաները ականատես եղան այս յուշամատեանի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յանձնուելուն։

Ներկաներուն համար մեծ հաճոյք էր ունկնդրել Սիլվա Կոմիկեանի ասմունքը, որմէ վերջ արտայայտուեցան Պէշիկթաշի թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Կարօ Վարժապետեան եւ թաղի Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Մկրտիչ Նարլը։ Երաժշտական բաժնին մէջ հանդէս եկաւ «Արմաշ» դպրաց խումբը։ Պէշիկթաշի ընտանիքի սիւներէն Արման Մարաշլեանն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով։ Յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Սիրվարդ Մալխասլեանին, որ յուշամատեանի պատրաստութիւններուն մէջ դեր ստանձնած էր։

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքով, որու ընթացքին ան բարձր գնահատեց յուշամատեանի հեղինակ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը, որու գիտակից ծառայութեան հերթական պտուղը համարեց այս յուշամատեանը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2021