Հինգշաբթի 26, Յունիս 2025
ՈՒՐԱԽԱՌԻԹ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ
Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ անցեալ կիրակի տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ատըեամանցի բարեսէր հայերու մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան նախագահ Սատըք Պաքըրճըօղլուի ջանքերով կազմակերպուեցաւ Սուրբ Մկրտութեան խորհրդակատարութիւն մը, որով Թուրան Չէչէն եւ իր դուստրը՝ Տիճլէ Չէչէն մկրտուեցան Հայ Եկեղեցւոյ աւազանէն եւ դրոշմուեցան սրբալոյս միւռոնով։ Խորհրդակատարութիւնը իրականացուց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Մկրտեալներուն կնքահայրն էր Սատըք Պաքըրճըօղլու։
Տէր հայրը Թուրան Չէչէնը աւազանի անունով կոչեց Արեգ, իսկ Տիճլէ Չէչէնը՝ Սարա։
Կը շնորհաւորենք նորոգ մկրտեալները եւ իրենց կնքահայրը։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2022
Թրքահայ կեանք
- 06/26/2025
- 06/26/2025
- 06/26/2025
- 06/26/2025