ՀԱՅՃԱՐ-Ի ՆՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

ՀԱՅՃԱՐ-ը, որ մեր համայնքի մասնագիտական գլխաւոր կազմակերպութիւններէն մին է, 2020 թուականը դիմաւորեց մասնաւոր ընդունելութիւնով մը, նաեւ ընդհանուր ժողովի գումարմամբ։ Այս կազմակերպութիւնը արդէն դարձած է 13 տարեկան եւ տարեմուտի առիթով կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։

Ընդհանուր ժողովի աւարտին նորընտիր վարչութեան անդամները ջերմօրէն շրջապատուեցան բոլորին կողմէ՝ զօրակցութեան տրամադրութեամբ եւ յաջողութեան անկեղծ մաղթանքով։

Մենք եւս յաջողութիւն կը մաղթենք ՀԱՅՃԱՐ-ի նորընտիր վարչութեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020