ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ

Ցաւով վերահասու եղանք, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վարակուած է քորոնաժահրով։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ յետմիջօրէի ժամերուն պաշտօնական զեկոյց մը հրապարակեցին այս մասին։ Պատրիարքարանի դիւանը հաղորդեց, որ Նորին Ամենապատուութիւնը քանի մը օրէ ի վեր կը զգար տկարութիւն։ Ուստի, երէկ ան որոշած է քննութենէ մը անցնիլ։ Նմուշառումի արդիւնքով պարզուած է, որ դժբախտաբար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վարակուած է։ Հարկ է նշել, որ ան նախապէս երկու անգամ պատուաստուած էր։ Ախտաճանաչումէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անմիջապէս մեկուսացած է։ Ան Պատրիարքարանի յարկաբաժնին մէջ կը բոլորէ այս մեկուսացման շրջանը։ Իր առողջական վիճակը կը գտնուի բժշկական վերահսկողութեան տակ եւ մասնագէտները որեւէ մտահոգիչ վիճակի մասին չեն խօսիր։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, բնականաբար, Նորին Ամենապատուութեան հետ հանդիպումները առկախուած են ցնոր տնօրինութիւն։ Առ ի զգուշութիւն Պատրիարքարանի գրասենեակներն ալ ցնոր տնօրինութիւն կասեցուցած են իրենց աշխատանքը։ Չէ փակուած միայն խորհրդակատարութիւններու արձանագրութեան գրասենեակը, որ կը գործէ միայն օրուայ առաջին կէսին։

Ուրբաթ, Յունուար 14, 2022