ՊԷՅՔՈԶԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՇՈՒՐՋ ԼՈՒՐՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
VADİP-ի ժողովին ընթացքին դարձեալ օրակարգի վրայ եկաւ Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքի արժեւորման հարցը։ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ անդրադարձած էր այս խնդրին։ Իրականութեան մէջ, ըստ իր բացատրութիւններուն, կացութիւնը բաւական մտահոգիչ էր։ Նախատեսուած հատուցման գումարին 14 տոկոսը պիտի փոխանցուէր փաստաբանի մը։ 12 տոկոսն ալ պիտի յատկացուէր միջնորդի մը, որ պիտի ապահովէր վճարման արագացումը։ Այս բոլորին վերահասու դառնալով՝ Էրտողան հրահանգեց վճարման արագացուիլը եւ խորհուրդ տուաւ փաստաբանի բաժինն ալ զեղչել 6 տոկոսի։ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ փոխանցուած վերոյիշեալ մանրամասնութիւնները ունկնդրուեցան ուշադրութեամբ։
Բաց աստի, նոյն նիւթին շուրջ անցեալ Կիրակի կարեւոր խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի կողմէ գլխաւորուած Պէյքոզի թաղային խորհուրդը խորհրդակցած է խումբ մը համայնքային վարիչներու հետ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի (այդ պահու դրութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ «Յովակիմ 1461» հիմնարկի վարչութեան փոխ-ատենապետ) գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է ժողովը, որուն մասնակցած են Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան, Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթօ Արման եւ այլ ազգայիններ։ Ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկուած է հարցը, բոլոր փուլերուն վերաբերեալ նրբութիւններով։
Այս խորհրդակցութեան լոյսին տակ որոշուած է հրապարակել մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որու թրքերէն բնագիրը կը ներկայացնենք յարակից սիւնակներուն մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024