ՓՐՈՖ. ՅԱԿՈԲ ԿՈԹՈՂԵԱՆ

Հիփոքրաթի ուխտեալ հետեւորդները այսօր կը սգան իրենց հանրածանօթ դասակիցներէն Փրոֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեանի անդարձ մեկնումը։ Հանրածանօթ մորթաբանը, իր ծով փորձառութեամբ եւ գիտութեամբ ծառայեց մարդկութեան, հաւատարիմ մնալով իր ուխտին։

Փրոֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեան եղած է այն օրինակելի անձերէն մին, որ գիտցած է հպարտօրէն յիշել ու անդրադառնալ իր մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական տարիներուն կրած նեղութիւնները եւ ապրած կեանքի դժուարութիւնները, որոնց ընդմէջէն դուրս եկած էր յաղթական, ի ձեռին ունենալով երկու բարոյական զէնքեր. իր աննկուն կամքն ու ինքնավստահութիւնը։

Կեանքի դժուարութեանց յաղթող Փրոֆ. Կոթողեան ծանօթ է իր երախտագիտական ջիղով, որուն կենդանի վկան եղած եմ անձնապէս իր երբեմնի ուսուցիչին՝ Պէզճեան վարժարանի աշակերտութեան «սիրելի հայր սուրբին», տուած շնորհաւորական այցելութեան ընթացքին։ Այդ «սիրելի հայր սուրբը» ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ երանաշնորհ Գարեգին Սրբազան Պատրիարք Գազանճեանը։ Այդ այցելութեան ընթացքին էր, որ երախտագիտական արտայայտութեան ընդմէջէն հաղորդ դարձած էինք նաեւ ճշմարիտ եւ բարի հովիւի օրինակին, որ կրցած էր իր հայրական հոգածութեամբը մխիթարել եւ խրատել պատանի Յակոբը։ Ո՞վ գիտէ, եթէ վարժարանի անկիւնը հանդիպած չըլլար իրեն, գուցէ այդ օր գործի ասպարէզը ընտրել որոշած պատանիին անձին մէջ պիտի չկարենայինք ողջունել մեր բոլորին սիրելի Փրոֆ. Կոթողեանը։ Փա՜ռք Ամենակալին Աստուծոյ նախախնամական զօրութեան։

Բժշկական ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններով հասաւ ակադեմական պատուաբեր բարձրագոյն մակարդակին, գործելով որպէս բժիշկ եւ որպէս դասախօս։ Իր հեղինակութիւնները, որոնք ճանաչում գտած են միջազգային գետնի վրայ, նաեւ իր ծով գիտելիքներուն առաջնորդութեամբը հասած բժիշկներն ու ակադեմական դէմքերը այսօր կը մնան մեր առջեւ որպէս խօսուն յուշարձանը իր ունեցած անկորնչելի վաստակին։

Փրոֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեան Թուրքիոյ բժշկական պատմութեան կալուածէն ներս պիտի մնայ որպէս «կոթող», բոլորին յիշեցնելով կամքին յաղթանակը։

Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ արժանացնէ երկնային անթառամ պսակներուն։ Աստուած Սուրբ Հոգիովը մխիթարէ ընտանեկան հարազատները եւ բարեկամները։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018