ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇՆՈՐՀԵՑ Ս. ՓՐԿԻՉ ՄԱՏՐԱՆ, ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵՒ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել մեր եկեղեցիներուն։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համանուն մատուռը, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եւ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցիները։

Բոլոր հովուապետական այցելութիւններու ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ մեր սրբավայրերը։ Իրեն ուղեկցեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն զանազան ներկայացուցիչներ։ Հիւանդանոցի մատրան արարողութենէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրընկալուեցաւ հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը դրուատիքով արտայայտուեցաւ հիւանդանոցի պատմական առաքելութեան եւ ծաւալած բազմակողմանի գործունէութեան մասին եւ օրհնեց այնտեղ կատարուած աշխատանքը։

Եշիլգիւղի եւ Պաքըրգիւղի մէջ ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր հայրական գուրգուրանքին առարկայ դարձուց հայահոծ այս թաղերու հայկական վարժարաններու սաները։ Նորին Ամենապատուութիւնը Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց նաեւ Տեառնընդառաջի նախատօնակին։

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2020