ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Տեառնընդառաջի նախատօնակին, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ այլ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ համանուն դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։

Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ տարւոյն առաջին անդաստանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Սեղանի մշտավառ կանթեղէն առաւ ճրագը եւ վառեց եկեղեցւոյ կեդրոնը զետեղուած մեծ մոմը։ Ապա այս նոյն մոմէն նախ հոգեւոր հայրերը, ապա դպիրներն ու հաւատացեալները վառեցին իրենց մոմերը։

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզին համար նիւթ ընտրած էր լոյսը։ Ան շեշտեց, որ Տէր Յիսուս Քրիստոս աշխարհի եւ իւրաքանչիւր արարածի լոյսն է։

Յաւարտ արարողութեան, ատենապետ Մանուկ Էօղէրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը պատուասիրութիւն մը սարքեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ հոգեւորականաց դասու անդամներուն համար։  

Երկուշաբթի, Փետրուար 14, 2022