ԵՐԱԽՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՔԱՅԼ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքը, որուն կ՚ընկերանային իր գործակիցներէն Տիանա Ալթուն եւ Արթօ Փեհլիվանեան։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին Շիշլիի վարչայինները մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին՝ այս շրջանին ակումբին կողմէ նախաձեռնուած կարգ մը ծրագրերու շուրջ։ Հարկ է նշել, որ այդ նախագիծերը, ընդհանուր առմամբ, երախտագիտական բնոյթ ունին։

Հիւրերը տեղեկացուցին, որ Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը որոշած է յաւերժացնել յիշատակը՝ նորոգ հանգուցեալ Նազար Հանչէրի, որ երկար տասնամեակներ եղած է թէ՛ մարզիկ եւ թէ մարզիչ, նաեւ ստանձնած է վարչային պատասխանատուութիւն։ Շիշլիի վարչութիւնը որոշած է հոգելոյս Նազար Հանչէրին համար յետմահու սահմանել «Թուրքիա-Հայաստան մարմնամարզի դեսպան»ի կոչում։ Վարչութեան որոշման հիման վրայ պատրաստուած է նաեւ համապատասխան վկայական մը, որ այս օրերուն պիտի յանձնուի հանգուցեալ Նազար Հանչէրի այրիին՝ Էլմոն Հանչէրին։

Բաց աստի, շիշլիցիները այս ամառնամուտին կը ծրագրեն իրականացնել կիրակնօրեայ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, անտառային մթնոլորտի մը մէջ նախատեսուած շրջապտոյտէն վերջ, կը նախատեսուի համախմբուիլ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։ Սա, ընդհանուր առմամբ, Շիշլիի եւ համակիրներուն հետ համախմբում մը ապահովելու ուղղեալ ձեռնարկ մըն է։ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ սիրով յանձն առած է բանալ իր դռները, որպէսզի այդ մարզական շարժման ի շարունակութիւն կիրակնօրեայ նախաճաշ մը կազմակերպուի։ Ձեռնարկը պիտի հովանաւորուի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։

Ալէն Թեքպըչաք եւ իր ընկերները երէկուան հանդիպման ընթացքին մեզի տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ աշնան ալ ակումբը կը ծրագրէ կազմակերպել ընդունելութիւն մը՝ մեծարելու համար այն շարք մը անձնաւորութիւնները, որոնք տասնամեակներէ ի վեր թրքահայ մարզական կեանքին իրենց նպաստը կը բերեն։ Այս ձեռնարկը առիթ պիտի հանդիսանայ թէ՛ երախտաշատ անձերու վաստակը մեծարելու եւ թէ ոգեկոչելու համար անոնք, որոնք այս շրջանին անդարձ հրաժեշտ առած են։  

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2023