ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՒԱՔ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան նա­խա­գա­հեց թրքա­հայ սա­նուց միու­թիւն­նե­րու, հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րու եւ զա­նա­զան ա­կումբ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու խորհր­դակ­ցու­թեան։ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած նման ձե­ւա­չա­փով երկ­րորդ հա­ւաքն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ կանգ ա­ռաւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մեր մշա­կոյ­թին հա­ղորդ պա­հե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ։

Մեր միու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ներ­կա­յիս զօ­րա­կո­չի մը մթնո­լոր­տին մէջ են՝ խրա­խու­սուած Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին վե­րա­բեր­մուն­քով։ Ար­դա­րեւ, եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր ան­տե­սուած են ա­նոնց խնդիր­նե­րը, մինչ բա­ւա­կա­նա­չափ կը կա­ղայ նաեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա­նոնց մի­ջեւ։ Այս բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րը ձեռք ձեռ­քի յաղ­թա­հա­րե­լու ա­ռու­մով թարմ ե­ռան­դի մը մթնո­լոր­տը ստեղ­ծուած է Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ջան­քե­րուն շնոր­հիւ։ Ինչ­պէս ա­ռա­ջին ժո­ղո­վին, ե­րէկ ալ տե­ղի ու­նե­ցան ման­րա­մասն խորհ­րդակ­ցու­թիւն­ներ։ Ամ­փո­փուե­ցան նա­խորդ ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին խօ­սուած­նե­րը եւ այդ ժո­ղո­վէն վերջ ա­ւե­լի նեղ շրջա­նա­կի մէջ կա­տա­րուած քննար­կում­նե­րը։ Այդ բո­լո­րի լոյ­սին տակ ե­րէկ շա­րու­նա­կուե­ցան ծա­ւա­լուն խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն թափ տալ մեր նոր սե­րուն­դին ուղ­ղեալ բազ­մաբ­նոյթ ծրագ­րե­րուն։

Միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի շա­րու­նա­կեն շփման մէջ մնալ Պատ­րիար­քա­րա­նին եւ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կին (VADİP) հետ։  

Շաբաթ, Մայիս 14, 2016