ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտները հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացան իրենց վկայականները։ Այս առթիւ կազմակերպուած երեկոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Էսաեանի 8-րդ դասարանէն այս տարի 13 աշակերտ վկայուեցաւ։

Երէկուան հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր ընկերները, Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ, դպրոցէն այլ պատասխանատուներ, Պէյօղլուի ընտանիքէն դէմքեր, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լառա Քըրի եւ Ալէն Նշանի։ Սկիզբին Առլին Եշիլթէփէ հանդէս եկաւ շրջանաւարտներուն ուղղեալ ողջոյնի ու շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Աւելի վերջ, երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ շրջանաւարտները երգեցին «Ողջոյն տաճար»ը։ Վկայեալներու անունով արտայայտուեցան Նարօտ Պոյաճը, Միրէյ Ինթիպա եւ Տոտօ Տեմրիճի։

Այս խօսքերէն վերջ բաժնուեցան վկայականներն ու յուշանուէրներ։ Միջնակարգի այս տարուան յաջողագոյն շրջանաւարտներն են՝ Ալէն Նշան, Նարօտ Պոյաճը եւ Լառա Քըր, որոնց յանձնուեցան յաւելեալ պարգեւներ։

Երեկոյթի տեւողութեան ծափողջոյններու ներքեւ շրջանաւարտները հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։ Այդ փուլին զուգահեռաբար կատարուեցաւ պարքովիզիոնի ցուցադրութիւն մը։ Շրջանաւարտները հաճելի ժամանց ունեցան մինչեւ ուշ ատեն։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 14, 2018