ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՈՒՆԻ ԵՐԵՔ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէս։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Դպրոցը այս տարի ունի երեք շրջանաւարտ, որոնք հրաժեշտի պահուն բոլորին կողմէ շրջապատուեցան ջերմօրէն։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019