ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։ Փոքրիկները բծախնդրութեամբ պատրաստուած էին ձեռնարկին՝ իրենց ուսուցչուհիներու հսկողութեան ներքեւ։ Հանդէսի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց մանկապարտէզի բաժնի պատասխանատու ուսուցչուհի Հերմինէ Չընար։ Քառասունեօթ հոգիէ բաղկացեալ աշակերտները բուռն ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Յայտագրի գործադրութենէն վերջ տնօրէնուհի Ալիս Պայրամն ալ արտասանեց շնորհաւորութեան խօսք մը։ Ան մասնաւորապէս գնահատեց ուսուցչուհիներ՝ Նատիա Քեսկինքըլըճեանի եւ Մելիսա Աքճամպազեանի ջանքերը։

Հանդէսի եզրափակիչ փուլին փոքրիկները ստացան իրենց առաջին վիճակացոյցները, նաեւ նուէրներ, որոնք տրամադրուած էին ծնողաց միութեան կողմէ։

Հանդէսէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին փոքրիկներուն համար հատուեցաւ կարկանդակ մը։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019