ՀԱՐԹ ՍԵՐՆԴԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Կը տեղեկանանք, որ SEV արդէն գումարած է իր հերթական ընդհանուր ժողովը եւ այս մէկը նշանաւորուած է կարեւոր իրադարձութիւններով։ Արդարեւ, ներկայիս հիմնարկին տեսակէտէ հարթ սերնդափոխութեան մը փուլը հասած է։ SEV-ի երէկուան համագումարը թէեւ հերթական էր, սակայն բնորոշուեցաւ արտասովոր իրադարձութիւններով։ Արդարեւ, մեր ծանօթ ազգայիններէն Արէտ Երկանեան եւ Հայկ Ասլանեան այլեւս բաւ համարած են հիմնարկի վարչութենէն ներս իրենց ծառայութիւնը։ Ծանօթ է, որ անոնք SEV-ի հիմնադիրներու շարքին մաս կը կազմեն եւ շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր իրենց եռանդը կը ներդնէին այս կառոյցի վերելքին համար։ Հայկ Ասլանեան՝ որպէս վարչութեան ատենապետ, իսկ Արէտ Երկանեան՝ որպէս վարչութեան փոխ-ատենապետ, շուրջ 30 տարուան ծառայութենէն վերջ երէկ առարկայ դարձան բոլորի երախտագիտական զգացումներուն՝ մինչ իրենց յանձնուեցան նաեւ յատկապէս պատրաստուած յուշանուէրներ։

SEV-ի 2022 թուականի հերթական ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ հիմնարկի կեդրոնատեղիին մէջ։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ այս կառոյցի ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած անձնաւորութիւններուն ի նպաստ պահուած յարգանքի լռութենէն վերջ, սկսաւ օրակարգի գործադրութիւնը։ Առաջին հերթին ձեւաւորուեցաւ նախագահութիւնը։ Յառաջիկայ հինգ տարիներուն պաշտօնի գլուխ մնալու պայմանով դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ մեր ծանօթ ազգայիններէն Հերման Պալեան։ Դիւանի ատենադպիրները դարձան Մկրտիչ Թիմուրճուօղլու եւ Հապիպ Էօզֆուրունճու, որոնք եւս համայնքային շրջանակներուն ծանօթ անձնաւորութիւններ են։ Վարչութեան անցեալ շրջանի գործունէութեան տեղեկագիրը ներկայացուց Հայկ Ասլանեան։ Հաշիւներու եւ ելմտական կացութեան ներկայացումէն վերջ, հաշուեքննիչներու տեղեկագիրը ընթերցուեցաւ եւ քննարկուեցաւ Սիմոն Արթուչի կողմէ։ Վարչութեան բոլոր գործունէութիւնը արդէն միաձայնութեամբ արդարացուեցաւ, նոյնպէս միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ նաեւ 2023 թուականին համար մշակուած պիւտճէն։

Նկատի ունենալով, որ SEV-ի հոգելոյս անդամներէն Մագսուտ Ուրուն եւ Կիւլպէնկ Փոլատ մահացած էին վերջին շրջանին՝ ընդհանուր ժողովը անոնց փոխարէն իւրացուց երկու նոր անդամ. յանձինն՝ Արէտ Բարունակեանի եւ Ժիւլիէթ Քոստանօղլուի։ Այս վերջին երկու անուններուն ընդհանուր ժողովի անդամ դառնալն ալ հաւանութեան արժանացաւ միաձայնութեամբ։

Աւելի վերջ ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը։ Այս փուլին տեղեկացուեցաւ, որ վարչութեան բազմամեայ սիւներէն Արէտ Երկանեան եւ Հայկ Ասլանեան, ինչպէս նաեւ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ նոր շրջանին այլեւս պիտի չստանձնեն վարչական պատասխանատուութիւն։ Ուստի, նորընտիր վարչութիւնը բաղկացաւ հետեւեալ անուններէն. Սիմոն Արթուչ, Սարգիս Քիւլէկէչ, Շաքէ Եալչըն, Վահէ Տաղտեւիրենէլ, Թունա Էնկին, Պօղոս Հեճինօղլու, Մկրտիչ Արծիւեան, Դալար Փոլատ, Անի Փեքքիւչիւքեան, Մուրատ Կիւտիւճիւ, Մելոտի Էօզէր, Արաս Ունճու, Սարվէն Չաղլը եւ Արման Պոյաճը։ Յանուն ընդհանուր ժողովին, տարուան մը պայմանաժամով հաշուեքննիչի պատասխանատուութիւնը յանձնուեցաւ՝ Կարպիս Ունանին, Հապիպ Էօզֆուրունճուին եւ Թորոս Թիւթիւնճիւին։

Օրակարգի գործադրութենէն վերջ ընդհանուր ժողովը շարունակուեցաւ մեծարանքի փուլով մը։ Այս առթիւ Հայկ Ասլանեանին եւ Արէտ Երկանեանին ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ յանձնուեցան այն յուշանուէրները, որոնք իրենց համար մասնաւորապէս պատրաստուած էին։ Այդ յուշանուէրները խորհրդանշական, աւանդական յաւերժութեան նշաններու ձեւով պատրաստուած էին, ինչ որ իսկապէս խոր իմաստ մը կը բովանդակէր։ Արդարեւ, Արէտ Երկանեանի եւ Հայկ Ասլանեանի կողմէ SEV-ին ի նպաստ տարուած աշխատանքն ու երկարամեայ ծառայութիւնը իսկապէս երկարաժամկէտ նշանակութիւն ունին եւ տեղին զուգահեռական մըն  է այդ հանգամանքը մարմնաւորելու իմաստով՝ յաւերժութեան նշանը։

Հուսկ, ընդհանուր ժողովի մասնակիցները համտեսեցին մեծարեալներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։ Բոլորը Արէտ Երկանեանին եւ Հայկ Ասլանեանին նկատմամբ արտայայտեցին իրենց երախտագիտական զգացումները եւ վստահութիւն յայտնեցին, թէ նորընտիր վարչութիւնն ալ պիտի շարունակէ անոնց աւանդը՝ նորանոր ձեռքբերումներ ապահովելով։ SEV-ի նորընտիր վարչութիւնը յառաջիկային պիտի գումարէ իր անդրանիկ ժողովը եւ պիտի ընէ դերաբաժանումը՝ ձեւաւորելու համար դիւանը։ Կը նախատեսուի, որ նորընտիր վարչութիւնը գլխաւորուի Սիմոն Արթուչի կողմէ, որ եւս երկար տարիներէ ի վեր այս կառոյցէն ներս բազմակողմանի գործունէութիւն կը ծաւալէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2023