ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼԻՔ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆ

Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն մաս­նակ­ցե­լիք Իս­թան­պու­լի խում­բե­րը այս օ­րե­րուն թա­փով յա­ռաջ կը տա­նին ի­րենց նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս խմբա­յին մար­զա­ձե­ւե­րու մէջ մեր հա­մայն­քը ներ­կա­յաց­նե­լիք կազ­մե­րը պա­րապ­մունք­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն՝ ի­րենց մար­զիչ­նե­րուն հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Վո­լէյ­պո­լի եւ պաս­քեթ­պո­լի ի­գա­կան կամ ա­րա­կան կազ­մե­րը լրջօ­րէն յա­ռաջ կը տա­նին ի­րենց աշ­խա­տան­քը, որ­պէս­զի մրցա­շար­քի օ­րե­րուն լա­ւա­գոյնս ներ­կա­յաց­նեն մեր հա­մայն­քը։ Իս­թան­պու­լի կար­գա­դիր յանձ­նա­խումբն ալ ջանք չի խնա­յեր, որ­պէս­զի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ու­նե­նան ի­րենց նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րը յա­ջորդ ա­միս տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի մէջ։ 

 

 

 

 

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015