ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ-ԵՐՄՈՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՎԱՐՁԱԿԱԼ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան մեզի յայտնեց, թէ վարձակալ կը փնտռուի Սկիւտարի երբեմնի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի շէնքին համար։ Ինչպէս ծանօթ է, տասնամեակներէ ի վեր չի գործեր այս վարժարանը, որու շէնքին սեփականութեան իրաւունքը պաշտօնապէս կը պատկանի Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։ Թէեւ ծանօթ է, որ երբ վարժարանը գոյութիւն ունէր, այդ մէկը կը տնօրինուէր Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ։ Այսինքն, Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը վարժարանի շէնքը տրամադրած էր կրթական նպատակի համար։ Այս գործընթացը շարունակուեցաւ մինչեւ 2011 թուականը։ Որովհետեւ հակառակ անոր, որ Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանը գործելէ դադրած էր երկար տասնամեակներ առաջ, սակայն միայն 2011 թուականին էր, որ պատկան իշխանութիւններուն հաստատումով, պաշտօնապէս փակուած համարուեցաւ դպրոցը։ Մինչեւ այդ հանգրուանը Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը նախանձախնդրօրէն լիարժէք ձեւով կը կատարէր իրեն վիճակած պատասխանատուութիւնները։ Դպրոցի փակման պաշտօնականացումէն վերջ, անոր շէնքին տնօրինութիւնը վերադարձած եղաւ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդին։ Սա այն հանգրուանն էր, երբ Գալֆաեան Տան Սկիւտարի («Քափիթոլ»ի յարակից) տարածքին վրայ շինարարութիւն մը իրականացնելու որոնումները հասած էին իրենց գագաթնակէտին։ Գալֆաեանը փոխադրուած էր երբեմնի Սէմէրճեան-Ճեմարանի շէնքը, իսկ իր բո՛ւն շէնքը սկսած էր օգտագործուիլ որպէս ննջարան։ Քանի որ «Քափիթոլ»ի յարակից այդ բո՛ւն շէնքի տարածքին վրայ շինարարութիւն մը պիտի կատարուէր, ապա նոր ննջարանի մը կարիքը անխուսափելի պիտի դառնար Գալֆաեան Տան տեսանկիւնէն։ Այդ հանգրուանին Գալֆաեան Տան խնամակալութեան եւ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդին միջեւ ձեռք բերուեցաւ համաձայնութիւն մը, որպէսզի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի շէնքը դառնար Գալֆաեանի ննջարանը։ Նկատի ունենալով, որ Գալֆաեանի տարածքի շինարարութեան ծրագիրը երկարաձգուեցաւ անորոշ ձեւով մը, Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի շէնքի ննջարանի վերածման ծրագիրն ալ ինքնաբերաբար կաղաց աննպաստ զարգացումներու միջավայրին մէջ։
Բոլորովին վերջերս, երբ Ս. Խաչ դպրեվանքի եւ Գալֆաեան Տան խնամակալութիւնները որոշեցին գործնական ձեւով միացնել իրենց հաստատութիւններուն ճակատագիրը, այդ որոշումը միեւնոյն ժամանակ եկաւ Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի շէնքը ննջարանի մը վերածելու անհրաժեշտութիւնը դադրեցնել։ Արդարեւ, Դպրեվանքն ու Գալֆաեանը արդէն բոլորովին տարբեր ֆիզիքական միջավայրի մէջ իրենց աշակերտներուն երդիք մը ապահովելու ուղղութիւնը որդեգրեցին։ Հետեւաբար, Յունիս ամսուան սկիզբի դրութեամբ Գալֆաեան Տան խնամակալութիւնը երբեմնի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի շէնքը պաշտօնապէս վերադարձուց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։
Մեզի հետ զրուցելու ընթացքին, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան յայտնեց, թէ ներկայ պայմաններով շէնքը կը գտնուի բաւական անխնամ վիճակի մը մէջ ու կարիք ունի վերանորոգութեան։ Թաղային խորհուրդը որոշ շփումներ հաստատած է, որպէսզի վարձէ այս պատմական շէնքը։ Կը փնտռուի վարձակալ մը, որ այս շէնքը պիտի վարձէ, պիտի վերանորոգէ ու պիտի օգտագործէ որպէս կրթական հաստատութիւն։ Ատենապետ Այվազեան մեզի յայտնեց, թէ կան որոշ թեկնածուներ, որոնց հետ յառաջ կը տարուին շփումներ։ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ յառաջիկայ շրջանին իրեն ներկայացուած առաջարկներու լոյսին տակ ընել արժեւորում մը եւ վերջնական որոշումի մը յանգիլ ապագայ վարձակալին հետ պայմանագիր կնքելու համար։