Ուրբաթ 31, Յունուար 2025
ԵՐԿԱՆԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ
Կը տեղեկանանք, որ վերջին օրերուն վիրահատութեան մը ենթարկուած է համայնքային յայտնի բարերար Արէտ Երկանեան։ Որոշ ժամանակէ մը ի վեր Արէտ Երկանեան կը տառապէր մէջքի շրջանի սաստիկ ցաւերէ, որոնց հետեւանքով հասած էր գրեթէ անշարժունակութեան եզրին։ Այս պայմաններուն ներքեւ անհրաժեշտ դարձած է բժշկական վիրահատութիւնը։ Ան ենթարկուած է յաջող գործողութեան մը ու ներկայիս կը գտնուի բժշկական խնամքի տակ։ Մասնագէտները խիստ սահմանափակում բերած են յետ-վիրահատական նուրբ շրջանի իր շարժումներուն, ուստի արգիլուած է նաեւ իրեն հետ տեսակցութիւնը։
Արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք Արէտ Երկանեանին։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018