ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽԱՉՎԵՐԱՑ

Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին նշուեցաւ Խաչվերացի տօնը։ Այս առթիւ պատարագեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։

Ս. Պատարագի աւարտին, ռեհանով զարդարուած Ս. Խաչի մասունքով տեղի ունեցաւ Խաչվերացի թափօր եւ կատարուեցաւ Անդաստան։

Արարողութիւններէն վերջ, գիւղացիներ եւ ուխտաւորներ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ համախմբուեցան եւ շարունակեցին տօնախմբութիւնը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021