ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ 2022-2023 ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ

Գարակէօզեան Տան մէջ վերամուտը ապահովեց աշակերտներու եւ կրթական մշակներու վերստին համախմբումը։ 2022-23 կրթական շրջանի առաջին զանգը հնչեց մեծ ոգեւորութեամբ։ Գարակէօզեանի ընտանիքին վարիչներն ալ ներկայ էին առաջին օրուան հանդիսութեան։ Դպրոցը այս տարի ունի նոր տնօրէնուհի մը՝ Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու, որ ջերմ արտայայտութիւններով ողջունեց թէ՛ աշակերտներն ու կրթական մշակները եւ թէ՛ վերամուտի հանդէսին բոլոր մասնակիցները։ Նախկին շրջանաւարտներէն Արտաշէս Գարթուն հնչեցուց տարուան առաջին զանգը։ Ընտանեկան ջերմ համախմբումի մը մթնոլորտին մէջ Գարակէօզեանի ընտանիքի անդամները զիրար ողջունեցին, նոր շրջանին համար անկեղծ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանակեցին եւ տղաքը արդէն բռնեցին դասարաններու ճանապարհները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2022