ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ վերամուտը դիմաւորուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ 2022-2023 կրթական շրջանի բացման փուլի հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Գումգաբուի ընտանիքի վարիչները։ Որպէս պատուոյ հիւր՝ մեծարուեցաւ դպրոցի նախկին տնօրէնուհիներէն Եղիսաբէթ Չաթանասլան, որուն վիճակեցաւ առաջին դասին զանգի հնչեցումը։

Պէզճեան Մայր վարժարանը այս տարի ունի նոր տնօրէնուհի՝ Քլոտիա Ալթըփարմաք, որ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2022