ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆԷՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճան յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ շաբաթավերջին Անգարայի մէջ պատահած ահաբեկչական ահաւոր դէպքին կապակցութեամբ։ Ալճանի գրասենեակին կողմէ հրատարակուած այս հակիրճ յայտարարութիւնը ուղղուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հանրային կարծիքին։
Թորոս Ալճանի յայտարարութեան մէջ խստիւ պախարակուած է Հոկտեմբերի 10-ին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ պատահած ահաբեկչական յարձակումը։ Ալճան շեշտած է, որ երկրի փոքրամասնութիւնները խորապէս կը զգան ու կը բաժնեն՝ տասնեակ զոհերու եւ հարիւրաւոր վիրաւորներու ցաւը։ Ան յայտնած է ցաւակցութիւն, ընդգծած՝ յառաջացած վիշտը եւ աւելցուցած է, որ կը գտնուին սուգի մէջ։
Թորոս Ալճան նշած է նաեւ, թէ այսպիսի արարքներուն թիրախին կը գտնուին մեր երկրի միութիւնը, միասնականութիւնն ու եղբայրութիւնը։ Այս բոլորին դէմ ան ընդգծած է խաղաղութեան մէջ ապրելու պայքարը տեւականացնելու ուղղութեամբ վճռականութիւնը։ Թորոս Ալճան ընդգծած է նաեւ, թէ չեն մատնուիր յուսալքութեան։