ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ

Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կը (VADİP) ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ գու­մա­րեց իր այս ամ­սուան հեր­թա­կան նիս­տը։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը նկա­տի ա­ռին մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քի այժ­մու հրա­պատ խնդիր­նե­րը։

Այս ժո­ղո­վը զու­գա­դի­պե­ցաւ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած՝ Փոխ-վար­չա­պետ Վէյ­սի Քայ­նա­քի եւ փոք­րա­մաս­նու­թեանց հա­մայնք­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու տե­սակ­ցու­թեան յա­ջոր­դած օ­րե­րուն։ Ծա­նօթ է, որ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րուն մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րը առ­կա­խուած են ան­ժամ­կէտ ձա­ւով, մին­չեւ ընտ­րա­կան նոր կա­նո­նադ­րու­թեան մը պատ­րաս­տուի­լը։ Փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն մօտ ընդ­հան­րա­պէս ստեղ­ծուած է այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ տրա­մա­բա­նա­կան ժամ­կէ­տը վա­ղուց ան­ցած է։ Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ երկ­րէն ներս պա­տա­հած վե­րի­վայ­րում­ներն ալ յա­ւե­լեալ յո­ռե­տե­սու­թեան պատ­ճառ դար­ձած էին՝ առ­կա­խեալ ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցի լուծ­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Ուս­տի, Վէյ­սի Քայ­նա­քի հետ կա­յա­ցած տե­սակ­ցու­թիւ­նը դրա­կան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը ո­րոշ չա­փով վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­ցին հա­մայն­քէն ներս։

Փոխ-վար­չա­պե­տին մօտ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր նաեւ այլ տե­սան­կիւ­նէ մը։ Ար­դա­րեւ, ծա­նօթ է, որ մի­ջո­ցէ մը ի վեր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մտադ­րու­թիւն ու­նի փոք­րա­մաս­նա­կան վա­քըֆ­նե­րու պա­րա­գա­յին ուղ­ղա­կի օ­րէնսդ­րա­կան կար­գադ­րու­թեան մը եր­թա­լու։ Վա­քըֆ­նե­րու օ­րէն­քը բա­րե­փո­խե­լով կամ այս նիւ­թին շուրջ նոր օ­րէնք մը ըն­դու­նե­լով՝ ուղ­ղա­կի խորհր­դա­րա­նա­կան մա­կար­դա­կի վրայ կը ծրագ­րուի հիմ­նա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նով մը, ա­ւե­լի ար­մա­տա­կա­նօ­րէն կար­գա­ւո­րել փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վա­քըֆ­նե­րու խնդիր­նե­րը։ Այս ծի­րին մէջ կ՚են­թադ­րուի ա­նոնց ստեղ­ծել հնա­րա­ւո­րու­թիւն՝ որ­պէս­զի կա­րե­նան տի­րա­նալ ի­րենց կա­նո­նադ­րու­թեան եւ հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղ­թին (vakıf senedi), ո­րոնց բա­ցա­կա­յու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած պղտո­րու­թիւն­նե­րը տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր ծնունդ կու տան մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րուն։ Ա­ւե­լի՛ն, այս կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ՝ կ՚ակն­կա­լուի նաեւ լու­ծում մը՝ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կի սահ­ման­ման խնդրին։

Վէյ­սի Քայ­նա­քին հետ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման շուրջ ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ Թո­րոս Ալ­ճան, ո­րոնք ար­դէն ներ­կայ գտնուած էին այդ հան­դիպ­ման։ Ըստ Թո­րոս Ալ­ճա­նի, ընտ­րու­թիւն­նե­րու յե­տաձգ­ման հար­ցը շատ խո­րա­ցած էր, ու նոյ­նիսկ հա­մայնք­նե­րը սկսած էին զի­րար մե­ղադ­րել, մեր հա­մայն­քի հաս­ցէին ալ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ էին պնդում­ներ։ Վեր­ջին շուրջ ութ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին հա­սա­րա­կաց ըն­թացք որ­դեգ­րած փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րը տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ ապ­րիլ սկսած էին եւ այս ա­ռու­մով Վէյ­սի Քայ­նա­քի հետ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մը շատ կա­րե­ւոր էր։ Ճիշդ է, որ այ­սօր փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու վա­քըֆ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցը դար­ձած է ա­ռաջ­նա­հերթ, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ վա­քըֆ մը ըլ­լա­լու գլխա­ւոր նա­խա­պայ­մանն է ու­նե­նալ հա­մա­պա­տաս­խան հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղթ մը։ Փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վա­քըֆ­նե­րը այ­սօր զուրկ են ո­րե­ւէ հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղ­թէ, որ ցոյց կու տայ, թէ ա­նոնք ինչ­պէս, ինչ նպա­տակ­նե­րով եւ ըն­թա­ցա­կար­գե­րով կ՚աշ­խա­տին։ Ճիշդ է, որ 1936 թուա­կա­նի յայ­տա­րա­րագ­րե­րը ե­կած են փո­խա­րի­նել այդ հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղ­թե­րը, սա­կայն ա­նոնք պար­զա­պէս կա­լուա­ծոց ցու­ցակ­ներ են։ Ցու­ցակ ըլ­լա­լու այդ հան­գա­ման­քը չի կրնար ստուեր ա­ծել այդ յայ­տա­րա­րագ­րե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց շնոր­հիւ ա­պա­հո­վուած է մեր վա­քըֆ­նե­րուն պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կը՝ որ­պէս բա­րո­յա­կան անձ։ Քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­րէնսգր­քին հա­մա­ձայն մեր վա­քըֆ­նե­րը չու­նին կար­գա­վի­ճակ, ուս­տի ա­նոնց ընտ­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ կա­նո­նագ­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կը նշա­նա­կէր ա­նոնց գո­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ կա­նո­նագ­րու­թիւն մը։

Թո­րոս Ալ­ճան բա­ցատ­րեց, որ տար­բեր հարց մըն է, թէ այդ կա­նո­նագ­րու­թիւ­նը պէտք է խմբագ­րո՞­ւի Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ կամ ոչ։ Սա­կայն նա­խըն­թաց­նե­րը ձե­ւա­ւո­րուած էին այդ­պէս եւ օ­րուան քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­ներն ալ միշտ վա­ւե­րա­ցու­ցած՝ այդ կա­նո­նագ­րու­թիւն­նե­րը։ Այժմ, Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմ ար­մա­տա­կան կար­գադ­րու­թիւն մը կը նա­խա­տե­սէ այս բո­լոր խնդիր­նե­րուն հա­մար։ Ան պատ­րաս­տած է բա­ցա­ռիկ կար­գադ­րու­թեան մը են­թա­գե­տի­նը, ո­րու հի­ման վրայ մէկ ան­գա­մուան հա­մար փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վա­քըֆ­նե­րը պի­տի վե­րա­կազ­մա­կեր­պուին ամ­բող­ջու­թեամբ։ Սա կ՚են­թադ­րէ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու վա­քըֆ­նե­րուն հա­մար ըն­ձե­ռել հնա­րա­ւո­րու­թիւն՝ որ­պէս­զի ա­նոնք ու­նե­նան ի­րենց հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղ­թե­րը։ Ըստ Թո­րոս Ալ­ճա­նի, Ատ­նան Էր­թէմ ան­թա­քոյց հրա­պա­րա­կաւ յայտ­նած է, որ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին հաշտ աչ­քով կը դի­տէ այս վար­կա­ծը։ Ան Ան­գա­րա­յի մէջ Վէյ­սի Քայ­նա­քի հետ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ալ ծա­ւա­լուած քննար­կում­նե­րը դրած է այս հու­նին մէջ։ Թո­րոս Ալ­ճան ը­սաւ, թէ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ գոր­ծըն­թա­ցը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին բա­ւա­կան հա­սուն­ցած էր, սա­կայն երկ­րի ներ­քին քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը՝ ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րը, բռնու­թեան մթնո­լորտն ու պե­տա­կան հա­րուա­ծի ձա­խող փոր­ձը, երկ­րէն ներս հաս­տա­տուած ար­տա­կարգ դրու­թիւ­նը ե­կած են յա­պա­ղեց­նել այս գոր­ծըն­թա­ցը։ Ուս­տի, Վէյ­սի Քայ­նա­քի հետ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մը ե­կած է վե­րա­կեն­դա­նաց­նել այս գոր­ծըն­թա­ցը։ Ա­ւե­լի քան եր­կու ժամ տե­ւած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Ատ­նան Էր­թէմ ընդգ­ծած է, որ պէտք է ըն­դու­նուի հա­մա­պա­տաս­խան օ­րէնք մը։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն ընդ­հա­նուր ակն­կա­լու­թիւ­նը ընտ­րա­կան նոր կա­նո­նադ­րու­թեան մը ըն­դուն­ման վրայ կը կեդ­րո­նա­նայ, սա­կայն քննար­կում­նե­րու կի­զա­կէ­տին յայտ­նուե­ցաւ օ­րէնսդ­րա­կան այս հա­ւա­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։ Թո­րոս Ալ­ճան մատ­նան­շեց, որ սա պի­տի ըլ­լայ շրջա­նա­կա­յին օ­րէնք մը, ո­րու շնոր­հիւ բո­լոր հա­մայնք­նե­րը պի­տի կա­րե­նան ի­րենց ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը պահ­պա­նել։ Վէյ­սի Քայ­նա­քի հետ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մէն ա­ռաջ եւ վերջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած են Ատ­նան Էր­թէ­մի հետ։ Թո­րոս Ալ­ճա­նի խօս­քե­րով, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու յստա­կօ­րէն ընդգ­ծած է, որ թրքա­հայ հա­մայն­քը պատ­րաստ է ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ու ո­րե­ւէ չկա­մու­թիւն խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ։ Վէյ­սի Քայ­նաք փա­փաք յայտ­նած է, որ նման օ­րէնք մը ըն­դու­նուի փու­թով։ Ան շեշ­տած է, որ ա­ռանց հա­շուի առ­նե­լու փո­խա­դար­ձու­թիւն­ներ՝ պէտք է խո­րաց­նել ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը երկ­րէն ներս։ Վէյ­սի Քայ­նաք պա­հան­ջած է, որ ի­րեն ներ­կա­յա­ցուի նա­խա­գիծ մը եւ ինք այդ մէ­կը պատ­րաս­տա­կամ է յղե­լու Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի եւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի նկա­տառ­ման։

Թո­րոս Ալ­ճան շեշ­տեց, թէ ներ­կա­յիս պե­տու­թեան մօ­տե­ցու­մը կը հա­մընկ­նի նման օ­րէն­քի մը ըն­դուն­ման։ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը ձանձ­րա­ցած է հա­մայնք­նե­րու ներ­քին տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րու մի­ջա­մուխ դառ­նա­լէ։ Հե­տե­ւա­բար, նման օ­րէն­քի մը հա­մար ներ­կա­յիս սկսած է պատ­րաս­տու­թեան շրջան մը։

VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Թո­րոս Ալ­ճան դի­տել տուաւ, որ ներ­կայ պայ­ման­նե­րով գո­յու­թիւն ու­նի եր­կու հիմ­նա­կան հար­ցում։ Ա­ռա­ջի­նը՝ այս հա­ւա­նա­կան օ­րէն­քը ի՞նչ ա­րա­գու­թեամբ պի­տի ըն­դու­նուի։ Երկ­րոր­դը՝ ո­րո՞ւ եւ ինչ­պէ՞ս պի­տի վե­րա­պա­հուի այդ հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղ­թե­րը խմբագ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը։ Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ներ­կա­յիս յար­մար չի դա­տեր, որ երկ­րէն ներս հռչա­կուած ար­տա­կարգ դրու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, օ­րէն­քի հա­մա­զօր ո­րոշմ­նագ­րով մը ըն­դու­նուի այդ օ­րէն­քը։ Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յար­մար կը դա­տեն, որ խորհր­դա­րա­նա­կան ըն­թա­ցիկ, բնա­կա­նոն ըն­թա­ցա­կար­գով մը, լայ­նա­խա­րիսխ ա­ջակ­ցու­թեամբ ըն­դու­նուի նման օ­րէնք մը՝ մա­նա­ւանդ, որ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վէն ներս ներ­կա­յա­ցուած չորս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ե­րե­քի շար­քե­րուն մէջ կը գտնուին հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան­ներ։

Թո­րոս Ալ­ճան ընդգ­ծեց, որ սա մեծ աշ­խա­տանք մըն է եւ հա­շուի պէտք է առ­նել նաեւ, թէ փոք­րա­մաս­նա­կան բո­լոր հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը ու­նին ի­րենց ու­րոյն սպա­սում­նե­րը։ Ժո­ղո­վի տե­ւո­ղու­թեան ան զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով անդ­րա­դար­ձաւ այս նիւ­թին եւ ընդ-գը­ծեց, թէ նա­խա­տե­սուած օ­րէն­քը նեղ սահ­ման­նե­րու մէջ պի­տի չմնայ։ Օ­րէն­քը պի­տի ցո­լաց­նէ լայն մտա­հո­րի­զոն մը, պի­տի ու­նե­նայ շրջա­նագ­ծա­յին բնոյթ եւ հիմ­նա­կան, կա­րե­ւոր ման­րա­մաս­նու­թիւ­նը այն է, որ հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղ­թե­րը խմբագ­րե­լիք խում­բը իր ու­ժը պէտք է առ­նէ ուղ­ղա­կիօ­րէն այդ օ­րէն­քէն։

VADİP-ի ան­ցեալ ժո­ղո­վին Թո­րոս Ալ­ճան տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ հրեայ հա­մայն­քը կը պատ­րաս­տուի հրա­տապ ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու թոյլ­տուու­թիւն պա­հան­ջել՝ նոյ­նիսկ յօ­ժա­րե­լով նախ­կին կա­նո­նադ­րու­թեան։ Յա­մե­նայն­դէպս, Վէյ­սի Քայ­նաք բա­ցար­ձա­կա­պէս ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին չէ անդ­րա­դար­ձած կա­նո­նադ­րու­թեան մը նիւ­թին։ Խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կեդ­րո­նա­ցան այս հա­ւա­նա­կան օ­րէն­քի ըն­դուն­ման վրայ։ Տրուած խոս­տում­նե­րը կը վե­րա­բե­րին այս նիւ­թին։ Թո­րոս Ալ­ճան ը­սաւ, թէ ինք լա­ւա­տես է, ո­րով­հե­տեւ այս հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղ­թի ի­րա­ւուն­քը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ նա­խա­պէս կա­տա­րուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ ա­ւե­լի մեծ քայլ մը չէ, այլ ընդ­հա­կա­ռակն։ «Պե­տու­թեան հետ դա­տա­վա­րու­թեան մէջ մտնե­լը ի­մաստ մը չու­նի։ Մենք կա­պուած ենք մեր պե­տու­թեան եւ այս գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ պի­տի տա­նինք խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րով», ը­սաւ Թո­րոս Ալ­ճան եւ հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով ա­ւել­ցուց, թէ մեր վա­քըֆ­նե­րու հա­ւա­նա­կան հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ կա­րե­լի կրնայ ըլ­լալ նաեւ տեղ տալ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին։

Իր կար­գին, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուն ալ ը­սաւ, թէ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մեր ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեամբ նա­խա­տե­սուած դրու­թիւ­նը կրճա­տուած է։ Այ­սօր այդ սահ­մա­նադ­րու­թեամբ նա­խա­տե­սուած դրու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նել կա­րե­լի չէ։ Ատ­նան Էր­թէմն ալ յայտ­նած է, որ գոր­ծը դուրս ե­կած է դի­ւա­նա­կալ­նե­րէն եւ հա­սած՝ կա­ռա­վա­րու­թեան ի­րա­ւա­սու­նե­րուն։ Իր կան­խա­տե­սում­նե­րով, ա­պա­գա­յին աս­տի­ճա­նա­բար VADİP կրնայ վե­րա­ծուիլ պաշ­տօ­նա­կան հար­թա­կի մը, բայց Շի­րի­նօղ­լուի տպա­ւո­րու­թեամբ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հար­ցին վերջ­նա­կան կար­գա­ւո­րու­մը տա­կա­ւին ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի։

Այս բո­լո­րին հի­ման վրայ յայտ­նի դար­ձաւ, որ Վէյ­սի Քայ­նա­քի հետ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հան­դի­պու­մը թէեւ ու­րուագ­ծած է առ­կայ հար­ցե­րու լուծ­ման հո­րի­զոն մը, սա­կայն կա­րե­լի չէ ե­ղած ժամ­կէ­տի մը յստա­կե­ցու­մը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016