ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։

Թաղային խորհուրդի անդամները Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին նախագահելու Նարլըգաբուի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթավերջին՝ 18 հոկտեմբերին։ Անոնք Պատրիարք Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ իրենց գործունէութեանց մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը լսեց հիւրերուն փոխանցած տեղեկութիւնները։ Ան յայտնեց, թէ թէեւ քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ այս տարուայ տօնախմբութիւնները նախկին փայլով տեղի չեն ունենար, սակայն ուրախառիթ է հոգեւոր արարողութեան մակարդակով տօնախմբութեանց կատարումը։ Այս առիթով յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020