ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՆԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՍԿՍԱՒ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ

Միջմիութենական նարտի մրցաշարքը երէկ երեկոյեան սկսաւ Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցի երդիքին տակ։ Նկատի ունենալով, որ Գարակէօզեան սանուց միութեան խումբը անցեալ տարի հանդիսացած էր այս մրցաշարքին առաջինը՝ այս տարուան մրցաշարքի հիւրընկալը կը հանդիսանան գարակէօզեանցիները։

21-րդ անգամ կը կազմակերպուի այս մրցաշարքը, որ ձօնուած է հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին։ 13 միութիւններէ 130 խաղացողներու մասնակցութեամբ սկսաւ մրցաշարքը, որ պիտի տեւէ 5 շաբաթ։ Խաղերը նախատեսուած են ամէն Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի։

Մրցաշարքի բացման յանուն միջմիութենական յանձնախումբին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գէորգ Սիմքէշեան, որ կանոնները յիշեցնելու առընթեր յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2017