Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔԱՐԱՍՈՒ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Քարասուի գաւառապետ Ազիզ Մերճանին։
Քարասուն Սեւ ծովու ափին Սաքարիա քաղաքի գաւառակներէն մին է, ամարանոցի յայտնի շրջան մը եւ անոր բնակչութիւնը արձակուրդի ժամանակներուն կը հասնի կէս միլիոնի սահմանին։
Ազիզ Մերճան վերջերս նշանակուած է Քարասուի գաւառապետ։ Ան նախապէս Իսթանպուլի փոխ-կուսակալն էր։ Նկատի ունենալով, որ իրաւական գործերու գծով փոխ-կուսակալի պաշտօնը կը վարէր՝ Ազիզ Մերճան անմիջական աշխատանք կը տանէր փոքրամասնական համայնքներու հետ։ Այս ամբողջին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ իր միջեւ դրական յարաբերութիւն մը ձեւաւորուած էր՝ երբ մինչեւ մօտաւոր անցեալը Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը պաշտօնավարէր որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ։
Ի շարունակութիւն այդ դրական յարաբերութեան մթնոլորտին մէջ մշակուած բարեկամութեան՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ նորանշանակ գաւառապետին։ Ազիզ Մերճան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց նորին սրբազնութիւնը, որ զինքը շնորաւորեց եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Նորին սրբազնութիւնը ի յիշատակ այցելութեան նուիրեց նաեւ յախճապակի մը։
Գաւառապետի պաշտօնարանէն ներս տեղի ունեցած զրոյցէն վերջ, Ազիզ Մերճան Քարասուի ծովեզերեայ ճաշարաններէն մէկուն մէջ կէսօրուան ճաշասեղանով մը պատուեց նորին սրբազնութիւնը։