Ուրբաթ 7, Փետրուար 2025
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ ԾԱՌԱՆԿՈՒՄ
Ծանօթ է, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տնօրինութեամբ, 11 նոյեմբերը հռչակուած է, որպէս Ազգային ծառատկումի օր։ Այս օրուան կապակցութեամբ, Պէյօղլուի քաղաքապետութեան ծառատնկումի պատասխանատուները նախընթաց օր, յետմիջօրէին, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը արտայայտուեցաւ ծառատնկումի կարեւորութեան եւ ընդգծեց ձիթենիի նշանակութիւնը հաւատքի կեանքին համար, նաեւ յիշեցուց, որ ձիթենին խաղաղութեան խորհրդանշանն է եւ այս առումով խաղաղութիւն մաղթեց համայն աշխարհին։ Ապա, պարտէզին մէջ Տէրունական աղօթքի արտասանութենէն յետոյ տնկուեցաւ ձիթենիի տունկ մը։
Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2020
Թրքահայ կեանք
- 02/07/2025