ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ՝ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ մեկնեցաւ Հայաստան։ Նորին Սրբազնութիւնը ճամբորդեց Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով եւ Զուարթնոց օդակայանին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներուն կողմէ դիմաւորուելէ վերջ առաջնորդուեցաւ Մայրավանք, ուր կ՚իջեւանի իր կեցութեան օրերուն։
Պատրիարքարանի աղբիւրները այս առաւօտ մանրամասնութիւններ հաղորդեցին Ընդհանուր Փոխանորդի այցելութեան մասին։ Այսպէս, իր կեցութեան օրերուն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Երեւանի մէջ կը տեսակցի Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան պատասխանատուներուն հետ։ Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ օրակարգի վրայ կու գան Թուրքիոյ մէջ ուսում ստացող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի աշակերտներուն վերաբերեալ հարցեր։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան քաղաքս պիտի վերադառնայ Հինգշաբթի։