ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՔԷՐՄԷՍԸ

Ե­րէկ, Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ ա­ւան­դա­կան քէր­մէ­սը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր ծնո­ղաց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Քէր­մէ­սի յա­տուկ կար­գա­դիր յանձ­նա­խումբ մըն ալ բե­րած էր իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը այս ծրագ­րին։ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ պատ­րաս­տուած տա­ղա­ւար­նե­րը այ­ցե­լու­նե­րուն հա­մար հա­ճե­լի ա­նակն­կալ­ներ խոս­տա­ցան։ Ա­մա­նո­րեան շրջա­նին բնո­րոշ ի­րե­րէ սկսեալ մին­չեւ այլ զա­նա­զան ձե­ռա­գործ­ներ՝ քէր­մէ­սի այ­ցե­լու­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուե­ցաւ ճոխ տե­սա­կա­նի մը։

Զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած հա­մա­կիր­ներ Է­սաեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ գնում­ներ կա­տա­րե­ցին օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան։ Վար­ժա­րա­նի լի­սէի եւ միջ­նա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը՝ Սա­թե­նիկ Նշանն ու Առ­լին Ե­շիլ­թե­փէն ալ սրահ այ­ցե­լե­լով խրա­խու­սե­ցին քէր­մէ­սի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, ո­րոնք իս­կա­պէս մեծ ջան­քե­րով ի­րա­կա­նա­ցու­ցած էին պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։

Է­սաեա­նի քէր­մէ­սի կազ­մա­կերպ­ման մաս­նակ­ցած էին հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը.

Զե­փիւռ Կի­րա­կո­սեան, Նա­տիա Զիւ­լէ­մեան, Ա­նի Պա­հա­րօղ­լու, Շնոր­հիկ Չե­թին, Կիւլ­վարդ Պա­հա­րօղ­լու, Նա­զըի Պոզ, Պրիան Շի­լէ­լեան, Պեր­ճու­հի Օ­վա­կիմ, Մա­րի Սա­րա­ճեան, Ֆի­լոր Կա­զէր, Նուարդ Խա­չե­րե­սեան, Կիւ­նայ Մեր­մէր, Կիւ­լի­զար Ահ­պապ, Վար­դա­նոյշ Տուր­մազ­կիւ­լէր, Զե­քի­յէ Տաշ, Սօ­նա Քե­շի­շեան, Վար­դու­հի Ֆենտ, Ան­ժէլ Այ­տե­տէ, Պե­լին­տա Տօ­նա­պե­տեան, Հե­լէն Մու­րատ­ճըօղ­լու, Ա­րիա­նա Ճում­կա­զէ­րօղ­լու, Թա­լին Չո­փուր, Սո­ֆիա Ավ­ճը, Թա­լին  Ման­թօ եւ Սու­նա Տե­միր­ճի։

 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016