ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՆԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ. ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ
Հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին ձօնուած միջմիութենական նարտի մրցաշարքի այս տարուան ախոյեանը հանդիսացաւ Տատեան սանուց միութեան խումբը։
Շուրջ ամիսէ մը ի վեր այս մրցաշարքը կը շարունակուէր անցեալ տարուան ախոյեան Գարակէօզեան սանուց միութեան երդիքին ներքեւ։ Նախորդ երեկոյեան տեղի ունեցաւ այս տարուան մրցաշարքին աւարտականը, որու արդիւնքին առաջին չորս կարգերուն տիրացան՝ Տատեան սանուց միութիւնը, Էսաեան սանուց միութիւնը, Արամեան սանուց միութիւնը եւ Ֆէրիգիւղի սանուց միութիւնը։
Եզրափակիչ խաղէն վերջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւն, որուն ներկայ էր նաեւ հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի հարազատներէն Արի Կիւնթէր։ Բոլոր ներկաները ողջունեցին դափնեկիրները, մասնակիցներն ու կազմակերպիչները։ Միջմիութենական յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան հանդէս եկաւ հակիրճ ելոյթով մը։ Մրցաշարքի յաջող եզրափակումը նշուեցաւ սարքուած ընդունելութեամբ։
Միջմիութենական նարտի մրցաշարքը յառաջիկայ տարի պիտի կազմակերպուի այս տարուան ախոյեան Տատեան սանուց միութեան կողմէ։