ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՔԷՐՄԷՍԻ ԱՌԹԻՒ ԱՊՐԵՑԱՒ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջին երկու օրերուն մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած Ամանորի աւանդական քէրմէսին առթիւ։ Տիկնանց յանձնախումբի ջանքերով կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Երէկ առաւօտ, քէրմէսի բացումը կատարուեցաւ թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի աղօթքով։ Ներկայ էր նաեւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ։

Երկօրեայ քէրմէսի տեւողութեան Տատեան վարժարանի համակիր այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուեցան տօնական շրջանի բնորոշ զանազան ձեռագործներ, զարդեր, իրեղէններ եւ ուտեստեղէններ։ Տաղաւարներու շուրջ ստեղծուեցաւ այցելուներու հոսք մը եւ այս մթնոլորտին մէջ արժեւորուեցաւ կազմակերպիչներուն կողմէ ներդրուած վաստակը՝ ի նպաստ Տատեան վարժարանի։

Այս քէրմէսը կազմակերպած՝ դպրոցի տիկնանց կազմին կ՚անդամակցին հետեւեալ անունները.

Սեդա Քայա (ատենապետուհի), Այտա Խաչիկօղլու, Հռիփսիմէ Ալթըփարմաք, Նուր Կիւրլէրօղլու, Սեւիմ Օքճու, Լուիզ Պալըքճը, Ռիթա Փոլատօղլու, Նատիա Զէյֆիեան, Արուս Էօզպաղ, Կարինէ Մարտիկեան, Լետա Աթան, Մոնիքա Տէյիրմենճի, Գարօլին Քելէշ, Գարօլին Այանեան, Լետա Չաքալ, Լեռնա Թորոսօղլու, Սելին Տապաքօղլու, Շիլա Չոլաքեան, Իլտա Սվաճըօղլու, Սիլվա Պիւյիւքլոքէր, Լինտա Կետիկ եւ Հիլտա Տեստիճի։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2017